ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերի 18-ին։ Հետեւաբար տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները նախօրէին փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան, ուր տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեան շուրջ։ Օրուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն համար անոնք խնդրեցին նաեւ Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։
Նորին Սրբազնութիւնը օրհնեց կատարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիներուն։