ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Եշիլգիւղի վարժարանի տարեվերջի հանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս խանդավառ արարողութիւնը, որու ընթացքին դպրոցի աշակերտութիւնը գործադրեց բազմակողմանի յայտագիր մը։

Հանդիսութեան ծրագիրը ունէր բացառիկ բաժին մը։ Արդարեւ, Սայաթ Նովա երգչախումբը հանդէս եկաւ՝ դպրոցի տնօրէն Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ։ Սայաթ նովացիները միացան փոքրիկներու երգչախումբին եւ այդ միասնականութենէն ծնան խանդավառ կատարումներ։ Հանդէսի այս բացառիկ բաժինը ձօնուած էր մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին։

Յայտագիրը աւարտին հասաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Էրօլ Արա Չընարի կողմէ արտասանուած խօսքով։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր գործակից ընկերները, թաղի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, կրթական մշակներ, Եշիլգիւղի ընտանիքէն ծանօթ դէմքեր, աշակերտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019