ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Գարեգին Պարսամեանի։ Վարչայինները զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուցին, որ մօտաւոր ապագային պիտի գումարուի միութեան՝ համավարակի հետեւանքով ակամայ յետաձգուած ընդհանուր ժողովը։ Անոնք անցեալ շրջանին իրենց ծաւալած գործունէութեան շուրջ բացատրութիւններ տուին Նորին Ամենապատուութեան ու խնդրեցին իր օրհնութիւնը։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան պոլսահայ կրթական կեանքի օրակարգային զանազան հարցերուն շուրջ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մանրամասնութիւններ քաղեց Ուսուցչաց միութեան գործունէութեան շուրջ՝ յատկապէս ուշադրութիւն հրաւիրելով հայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու առկայ խնդիրներուն վրայ։ Նորին Ամենապատուութիւնը կրթական համակարգի տեսակէտէ առանձնացուց ուսուցիչներու հանգամանքը՝ որպէս առանցքային տարր, որ նոր սերունդին գիտութիւն կը ջամբէ։ Ան այս իրողութեան լոյսին տակ արժեւորեց Ուսուցչաց միութեան գործունէութիւնը ու մաղթեց, որ մօտալուտ ընդհանուր ժողովին հիման վրայ առողջ հերթափոխութիւն մը ըլլայ եւ նոր ընտրուելիք վարչութիւնն ալ նոր ծրագրերով շարունակէ նպաստաւոր աշխատանքը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021