ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ մասնակցեցաւ հոգելոյս երեսփոխան Մարգար Էսաեանի մահուան քառասնից լրման առթիւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան, որ կատարուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ հոգելոյս երեսփոխան Էսաեանի մերձաւորները։ Ինչպէս ծանօթ է, հոկտեմբերի 22-ին Մարգար Էսաեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր եւ հանգուցեալը թաղուած՝ մտաւորականաց պանթէոնին մէջ։ Այս առթիւ Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս իր վշտակցութիւնը յայտնեց ներկաներուն՝ վեր առնելով հանգուցեալին արժանիքները։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2020