ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԸՆԿԵՐԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ

Վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Մխիթարեան վարժարանը ընկերամշակութային ձեռնարկներու տեսակէտէ ապրեցաւ բաւական բեղուն շրջան մը: Այսպէս՝ վարժարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները 17 Մայիս, Չորեքշաբթի օր, այցելեցին Թուրքիոյ Ողնածուծի անդամալոյծներու միութիւնը: Չորրորդ դասարանի աշակերտները տարուան սկիզբը մեկնարկը դրած էին կերպընկալէ շիշերու կապոյտ կափարիչները հաւաքելու արշաւի մը: Անոնք մանկապարտէզի փոքրիկներէն սկսեալ մինչեւ լիկէոնի վերջին կարգերու իրենց տուները քոյր եւ եղբայրներէն խնդրած էին իրենց յանձնել կապոյտ կափարիչներ: Չորրորդ դասարանի աշակերտները այս ուղղութեամբ իրապէս ցոյց տուած էին հետեւողական ու յամառ աշխատանք եւ իրենց այս բացառիկ կամքի ուժը վերջապէս պսակուած էր յաջողութեամբ, երբ ամբողջ վարժարանի տարածքին հաւաքուած կափարիչներու ծանրութիւնը հասած էր 200 քիլոյի: Ահա՛ հաւաքուած կափարիչները կեդրոն յանձնելու, նաեւ Թուրքիոյ Ողնածուծի անդամալոյծներու միութեան գործունէութեան մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու նպատակաւ չորրորդ դասարանի աշակերտները իրենց դասարանի ուսուցչուհի Ալին Ալթընթոփուզի գլխաւորութեամբ 17 Մայիսին կատարեցին շրջապտոյտ մը դէպի վերեւ նշուած միութիւնը: Կեդրոնին մէջ մխիթարեանցի տղաքը տեսակցեցան միութեան հասարակութեան յարաբերութիւններէն պատասխանատուին հետ, որ իր կարգին բարձր գնահատեց չորրորդ դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց քաջալեր հանդիսացող ուսուցիչներուն եւ այլ դասարաններու աշակերտներուն տարած այս անձնուէր աշխատանքը: Ան մասնաւորաբար շեշտեց փոքր տարիքէն սկսեալ իրենց շուրջբոլորին նկատմամբ նախանձախնդիր եւ գիտակից սերունդներ հասցնելու կարեւորութիւնը ու այս ուղղութեամբ թափած ջանքերուն համար սրտանց շնորհաւորեց դասարանի ուսուցչուհին՝ Ալին Ալթընթոփուզը եւ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Անշուշտ այս օգտաշատ արշաւին ամենալաւ արդիւնքը սա եղաւ որ փոքրիկներուն հաւաքած կափարիչներուն փոխարէն Ողնածուծի անդամալոյծներու միութիւնը անուաւոր աթոռ մը նուիրեց այս անհանգստութենէն տառապող կարօտեալ անձի մը: Տեսնել թէ իրենց ցուցա բերած յարատեւ կամքը հասած էր իր նպատակին, ծառայած էր բարեսիրական գործի մը՝ իրապէս մեծ երջանկութիւն էր մխիթարեանցի տղոց համար եւ այցելութենէ վերադարձին այս երջանկութիւնը կարելի էր տեսնել անոնց հպարտութեամբ ժպտող աչուկներէն:

Միւս կողմէ, 23 Մայիս, Երեքշաբթի օր, վարժարանին նախակրթութեան աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ մասնակցութիւն բերին Մաչքայի «Տեմոքրասի» հանրապարտէզին մէջ Շիշլիի Կրթական տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած «Ապագայի գրողները» անուն ծրագրին: Ծրագրի շրջագծէն ներս Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները իրենց յատկացուած տաղաւարով մը առիթն ունեցան ցուցադրելու եւ փափաքողներու համար մակագրելու դարձեալ իրենց կողմէ պատրաստուած եւ հրատարակուած «Աշակերտական պարբերաթերթ մխիթարեանցի փոքրիկ գրողներու» անուն պարբերաթերթը: Այս պարբերաթերթը կը պարփակէր վարժարանի նախակրթութեան տղոց գրական ստեղծագործութիւնները: Այսպէս՝ փոքրիկներուն գրի առած ոտանաւորները, պատմուածքները, ուսումնասիրութիւնները եւ այլ գրական սեռերու պատկանող արտադրութիւնները յանձնուեցան այցելուներու ուշադրութեան: Այցելուներու կարգին էին Շիշլիի գաւառապետ Իտրիս Աքպըյըք, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ Շիշլի գաւառակի կրթական տնօրէն Մուրատ Միւճահիտ Ենթիւր: Մխիթարեանցի փոքրիկները՝ որպէս միջոցառման մասնակից միակ հայ վարժարանի ներկայացուցիչ՝ առիթն ունեցան ծանօթանալու եւ զրուցելու այս բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներուն հետ:

Մխիթարեանցի տղոց կեանքի կոչած զոյգ ձեռնարկներն ալ մեծ գոհունակութիւն պատճառեցին Մխիթարեան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնին եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանին, նաեւ վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկըին, որոնք խորհրդատուներն ու գլխաւոր մղիչ ուժերն էին սոյն ծրագիրներուն իրականացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 31, 2017