ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքները եզրափակուեցան։ Ինչպէս ծանօթ է, ակումբը երկու կէտերու վրայ կը կազմակերպէ այդ դասընթացքները, որոնք կը շարունակուին երկար տարիներէ ի վեր ու դարձած են աւանդական։ Մեր համայնքի բնակչութեան խտացած շրջաններուն մէջ յառաջ կը տարուին դասընթացքները։ Անոնց կազմակերպուած կէտերէն առաջինն է մարզակումբի Թաքսիմի կեդրոնը, իսկ միւս կէտն է՝ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահը։ Վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքները այս տարի եւս տեղի ունեցան յաջողութեամբ։ Եզրափակիչ փուլին համախմբուեցան ակումբի վարչայինները, դասընթացքի պատասխանատուները, մասնակիցներն ու ծնողները։ Բոլոր ներկաները իրարու հետ բաժնեցին յաջող ու կենսունակ շրջան մը բոլորած ըլլալու ուրախութիւնը, փոխանակելով շնորհաւորութիւններ։ Հարկ է նշել, որ Շիշլիի ամրան շրջանի դասընթացքներն ալ պիտի շարունակուին Գնալը կղզիի մէջ։
Միւս կողմէ, Շիշլիի վարչութիւնը տեղեկացուց, որ ակումբէն ներս հաստատուած է ֆութսալի ճիւղ մը։ Թուրքիոյ մէջ ֆութսալի լիկին կը մասնակցի 23 ակումբ եւ անոնցմէ մին դարձած է Շիշլի։ Կազմը արդէն իր առաջին հանդիպումները ունեցած է Նեւշեհիրի մէջ։ Ակումբի շրջանակները լիայոյս են, թէ յառաջիկայ տարի խումբը պիտի արձանագրէ անանտեսելի յաջողութիւն։ Շիշլիի կազմին մէջ կը գտնուին՝ Արտա Իփէք, Պուրակ Քաչար, Կարէն Տոլար, Սարօ Սարաֆ, Այգ Արամ Պալճը, Քամի Իսքէնտէրօղլու, Արաքս Էքմէքճիօղլու, Արտա Տօնիկօղլու, Նուպար Քորթուն, Արաս Քարամըզրաք եւ Այգ Նալպանտեան։
Մարզիչն է Թանէր Շար, թեքնիկ պատասխանատուն՝ Մեհմէտ Օքութուճու։ Այս ճիւղի պատասխանատու վարչայիններն են՝ Արեգ Տոլար, Պերճ Թէրզեան եւ Արթիւր Կիւր։