Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՒԱՔ ՄԸ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութիւնը ներկայիս ձեռնամուխ եղած է՝ դպրեվանքցիներու ընդհանուր հաւաքի մը կազմակերպման։ Շուրջ տարի մը առաջ պաշտօնի կոչուած ներկայ վարչութիւնը ցայսօր բազմաբնոյթ աշխատանք տարած է համախմբելու համար հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Յառաջիկայ 1 մարտին նախատեսուած ընդհանուր հաւաքն ալ առիթ պիտի դառնայ՝ ցայսօր կատարուած աշխատանքը ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկելու եւ ապագայ առաջնահերթութիւնները նախանշելու։ Մարտի 1-ի յետմիջօրէին նախատեսուած դպրեվանքցիներու հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։

Մինչ այդ, միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, շրջանաւարտները համախմբելու հետամուտ նախաճաշերն ալ կը շարունակուին։ Ամէն կիրակի դպրեվանքցիներ կը համախմբուին սանուց միութեան երդիքին տակ։ Այս կիրակի ալ նախատեսուած է հերթական նախաճաշը։

Միութեան վարչութեան կողմէ նախատեսուած ընդհանուր հաւաքէն շաբաթ մը վերջ, 8 մարտէն սկսեալ դպրեվանքցիները պիտի սկսին համախմբուիլ տարբեր ձեւաչափերով։ Յետադարձ տասներկու տարիներու շրջանաւարտները պիտի համախմբուին։ Այս բոլորի նպատակն է թէ՛ դպրեվանքցիներու միասնականութիւնը ամրապնդել եւ թէ հասունցնել այնպիսի գաղափարներ, որոնք միութեան ապագայ գործունէութեան ճանապարհին լոյս պիտի սփռեն։  

Երեքշաբթի, Փետրուար 4, 2020