ԱՆՑԱՆՔ ԱՌԱՋ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս երէկ բեկումնային պահ մը ապրուեցաւ։ Պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնը համայնքային շրջանակներուն կողմէ միանշանակ չէր ընկալուած՝ պատրիարքական թեկնածուներու պարագային առկայ սահմանափակումներուն հետեւանքով։ Թէեւ կանոնադրութիւնը կը նախատեսէ նաեւ անանտեսելի ձեռքբերումներ, սակայն թեկնածուական սահմանափակումները տարակարծութիւններու եւ տատամսումներու մթնոլորտ մը յառաջացուցած էր համայնքէն ներս։ Այդ բոլորէն վերջ, երէկ, բնականաբար մեր համայնքին կողմէ տրամաբանական նախընտրութիւն մը կատարուեցաւ եւ ընտրութեան գործընթացի խափանման վտանգը կանխուեցաւ։ Մեր համայնքը ձեւով մը թէ՛ արձանագրեց առկայ խնդիրը եւ զգալի դարձուց, որ հարիւր տոկոս չէ հաշտուած այդ իրավիճակին հետ, եւ թէ միեւնոյն ժամանակ անցաւ առաջ՝ համարձակութիւնով, իրատեսութիւնով եւ կեդրոնացած ըլլալով պատրիարքական ընտրութիւնը կատարելու նպատակին վրայ։ Այս նպատակասլաց ընթացքը, ապահովաբար, մինչեւ նոր պատրիարքին ընտրութիւնը մեր համայնքին տեսակէտէ պիտի ըլլայ ուղեցոյց մը եւ ժամանակի ընթացքին պիտի բիւրեղանայ անոր ճակատագրական նշանակութիւնը։

Գումգաբուի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Նախաձեռնարկ մարմնի պահանջով կազմակերպուած էր այս ժողովը՝ գլխաւորութեամբ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ դռնփակ տեղի ունեցաւ այս լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը։ Համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն միայն թոյլ տրուեցաւ սկիզբին նկարահանում մը կատարել եւ ժողովականները աւելի վերջ առանձնացան դահլիճի երդիքին տակ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ներկայ էին Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Կրօնական ժողովի անդամները, ինչպէս նաեւ համայնքային կամ թաղային մարմիններու ատենապետներն ու լիազօր ներկայացուցիչները մասնակցեցան խորհրդակցութեան։ Դռնփակ ժողովէն վերջ որեւէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը չհրապարակուեցաւ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, ժողովի սկիզբին արտայայտուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու։ Այս վերջինը ընդգծեց, որ Ներքին գործոց նախարարութեան շրջանակները, որոնց հետ կանոնադրութեան ուղարկուած օրէն ի վեր շփման մէջ էր, կանաչ լոյս չեն վառած հաւանական որեւէ վերանայման պահանջի մը համար։ Ըստ երեւոյթին, այս դռնփակ ժողովէն մեր ստացած տեղեկութիւններով, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի կողմէ կանոնադրութեան հասնելէն վերջ պաշտօնական շրջանակներու հետ շարք մը շփումներ յառաջ տարուած են։ Հակառակ համայնքէն ներս ստեղծուած թէժ իրավիճակին, այդ շփումներուն մասին ընթացքին որեւէ տեղեկութիւն չէ փոխանցուած մեր համայնքին։ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու միայն երէկուան դռնփակ խորհրդակցութեան ժամանակ լուսաբանութիւններ տուած է այդ շփումներուն կապակցութեամբ։ Հետաքրքրական հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ նոյնիսկ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները իր ամբողջութեան մէջ այդ շփումներուն շուրջ իրազեկուելու հնարաւորութիւն ունեցած են երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին։

Պատրիարքարանի լայնախարիսխ ժողովին ժամանակ, երէկ, ելոյթով մը հանդէս եկած է նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որ ներկաներու նկատառման յանձնած է նախօրէին տեղի ունեցած Եկեղեցականաց համագումարի կոչը։ Արդարեւ, մեր հոգեւորականաց դասը այդ ժողովին ընթացքին միաձայնութեամբ որոշում առած է, որպէսզի պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան դէմ որեւէ առարկութիւն չկատարուի եւ նպատակայարմար գտնուած է, որ այդ ուղարկուած կանոնադրութիւնով ալ պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացուի։ Ուստի, մեր հոգեւորականաց դասու այդ որոշումէն տեղեակ պահուեցան երէկուան խորհրդակցութեան մասնակիցները։ Մինչ այդ, տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ տեղեկացուց, որ Եկեղեցականաց համագումարի արդիւնքներուն լոյսին տակ՝ պատրիարքական թեկնածուներու եռանուն ցանկը արդէն ուղարկած է Իսթանպուլի կուսակալութեան։ Դարձեալ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններով, այս բոլորէն վերջ, նոյնիսկ շարք մը ժողովականներ հարց տուած են, որ գործնական գետնի վրայ այս քայլերու առնուած ըլլալուն բերումով ի՞նչ դերակատարութիւն պիտի ունենային իրենք կամ ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենար երէկուան հանդիպումը։ Սա բնականաբար տրամաբանական հարցում մըն էր, սակայն այս հարցումին պատասխանը ընդհանուր առմամբ պէտք է փնտռել Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ՝ կանոնադրութեան հասնելէն ի վեր որդեգրուած դիրքորոշման մէջ։ Թեր ու դէմ փոխանակուած կարծիքներէն վերջ լայնախարիսխ խորհրդակցութեան եզրափակիչ փուլին կատարուած է քուէարկութիւն մը։ Այդ քուէարկութեան արդիւնքին 18 համայնքային մարմին յարմար նկատած է, որ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութիւնով շարունակուի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ 12 համայնքային մարմին յարմար նկատած է կանոնադրութեան դէմ զանազան քայլերու ձեռնարկուիլը, իսկ 3 համայնքային հաստատութիւն մնացած է ձեռնպահ։

Այսպէսով երբ աւարտած է լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը, զուգահեռաբար Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած է Նախաձեռնարկ մարմնին ժողովը։ Դարձեալ մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, Նախաձեռնարկ մարմնի ժողովի սկիզբին մասնակցեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ժողովականները վերջին անգամ մը իրենց մօտեցումները սեղանի վրայ դրած են։ Այս բոլորէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան ժամերուն իրականացուցած է քուէարկութիւն մը։ Քուէարկութեան փուլին ժողովասրահէն դուրս գալ յարմար նկատած է տեղապահ սրբազան հայրը։ Ի վերջոյ, այդ քուէարկութեան արդիւնքով Նախաձեռնարկ մարմնէն ներս չէ յաղթանակած նախընտրութիւն մը կամ տեսակէտ մը։ Արդարեւ, մարմնի անդամներէն 8 հատը յարմար նկատած է այս կանոնադրութիւնով ճանապարհը շարունակել, իսկ 8 հատն ալ յարմար նկատած է այս կանոնադրութեան դէմ վերանայման պահանջ մը օրակարգի վրայ բերել։ Այս հաւասարութեան պայմաններուն ներքեւ Նախաձեռնարկ մարմնէն ներս մթնոլորտը բնականաբար շատ աւելի դժուարացած է։ Ստեղծուած բարդ կացութեան առջեւ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները որոշած են հաշուի առնել նախորդած լայնախարիսխ խորհրդակցութեան ընթացքին ստեղծուած իրավիճակը։ Նկատի ունենալով մեր համայնքային հաստատութիւններու գերակշիռ տեսակէտը՝ Նախաձեռնարկ մարմինն ալ ի վերջոյ որոշած է ներկայ կանոնադրութիւնով տեւականացնել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Հասկնալի է, որ Նախաձեռնարկ մարմնին տեսակէտէ դժուար որոշում մը եղած է այս մէկը, սակայն ի վերջոյ կանոնադրութեան հասնելէն ի վեր անցած օրերուն ստեղծուած պղտորութիւնը յաղթահարուած է, Նախաձեռնարկ մարմինն ալ համարձակ ձեւով տուած է որոշում մը, որ գնահատելի է մանաւանդ այն պատճառով, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ խափանման վտանգները կը կանխէ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, երէկուն բուռն քննարկումներէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն ոմանք ունեցած են այն զգացումը, թէ իրենք բաւականին մաշած են այս ամբողջ գործը ընելու ժամանակ։ Յամենայնդէպս, Նախաձեռնարկ մարմինը յառաջիկայ երկուշաբթի Պատրիարքարանի մէջ պիտի գումարէ իր հերթական ժողովը եւ համայնքային շրջանակները կը նախատեսեն մարմնի աշխատանքները խրախուսել եւ գնահատել այս դժուար իրավիճակին մէջ անոր կողմէ տարուած աշխատանքը։ Սա միեւնոյն ժամանակ Նախաձեռնարկ մարմնին տեսակէտէ վարկ թարմացնելու, եռանդով լիցքաւորուելու առիթ մը պիտի ըլլայ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին։

Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ Հասարակական նախաձեռնութեան խմբակը, որ կանոնադրութեան հասնելէն վերջ հրապարակ իջած էր՝ ընդվզելով պատրիարքական թեկնածուներու պարագային նախատեսուած սահմանափակումները եւ համայնքը հրաւիրած էր դիմադրելու այդ կանոնադրութեան դէմ։ Հասարակական նախաձեռնութիւնը երէկուան ժողովներու արդիւնքի լոյսին տակ հանդէս եկած է բաւականին սուր քննադատութիւններով եւ արտայայտած է իր ծանր յուսախաբութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019