ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ

Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած օժանդակութեան աշխատանքները տակաւ կը շարունակուին։ Այս առումով պատրաստուած օժանդակութեան ծրարի թիւը հասաւ երկու հազարի։ Երէկ Սամաթիոյ Սահակեան երգչախումբի անդամներ իրենց կամաւոր ծառայութեամբ մաս կազմեցին սոյն աշխատանքներուն։

Գնահատելի է դրսեւորուած սոյն ծառայութիւնն ու օրինակելի միասնականութեան ոգին, որուն շնորհիւ «ԵՍ»ը կը վերածուի «ՄԵՆՔ»ի։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020