ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քէն խումբ մը սա­ներ, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր վար­ժա­րա­նի ե­րի­տա­սարդ կրթա­կան մշակ­նե­րէն Նա­րօտ Եա­նը­քօղ­լու։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին Լի­տիա Սա­թըլ­մըշ, Ծի­լա Պո­յա­ճեան, Յա­կոբ Պո­յա­ճեան, Փի­լիպ­պոս Հէր­կէլ, Ռոյ Մեր­քէ­զօղ­լու, Օն­նիկ Թա­ւուք­ճու եւ Սա­սուն Եըլ­տը­րըմ։

Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին տղա­քը հե­տաքրք­րուե­ցան թեր­թիս ընդ­հա­նուր գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­ռա­քե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րով։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին այն մա­սին, թէ լրագ­րո­ղի կեան­քը ինչ­պէ՛ս եւ ի՛նչ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ կ՚ըն­թա­նայ՝ որ­պէս ան­հատ։ Իս­կա­պէս շատ հա­մակ­րե­լի ե­րի­տա­սարդ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խումբ մըն էր այս մէ­կը՝ վար­ժա­րա­նի 9-րդ եւ 10-րդ դա­սա­րան­նե­րէն։ Ա­նոնց­մէ մին ան­ցեալ ա­մառ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն առ­թիւ այ­ցե­լած էր Հա­յաս­տան ու փո­խան­ցեց իր վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Քոյր եւ եղ­բայր Պո­յա­ճեան­ներն ալ ե­կած էին Սու­րիա­յէն ու պատ­մե­ցին ի­րենց եւ ի­րենց ըն­տա­նի­քին այս շրջա­նին դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Ընդ­հան­րա­պէս, ա­շա­կերտ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ ա­պա­գայ բարձ­րա­գոյն ուս­ման շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն եւ յոյ­սե­րուն։ Ի­րենց սերն­դա­կից­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ հա­յե­րէ­նով հա­ղոր­դակ­ցե­լու տե­սա­կէ­տէ յա­րա­բե­րա­բար հան­գիստ ա­շա­կերտ­ներ էին ա­նոնք, սա­կայն այդ­քա­նով հան­դերձ յայտ­նե­ցին, որ տպա­գիր կամ առ­ցանց հա­յե­րէն ըն­թեր­ցում­նե­րու պա­րա­գան բա­ցա­ռու­թիւն կը կազ­մէ ար­տադպ­րո­ցա­կան ի­րենց ա­ռօ­րեա­յին մէջ։

 

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2015