ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հայր սուրբը, նախքան Տէրունական աղօթքը անդրադարձաւ «Քրիստոսի մայր եւ եղբայր ըլլալու» գաղափարին։ Ան յիշեցուց, թէ Քրիստոս իր հարազատները նուաստացնելու համար չէր արտասանած սուրբգրային յիշեալ տողերը։ Ան, ցոյց տալ կ՚ուզէր, թէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հաւատքի եւ սրբութեան ճամբով կրնայ արժանանալ Քրիստոսի ազգականութեան կոչումին։ Հաւատացեալ մը միայն ու միայն իր սուրբ հաւատքով եւ այդ հաւատքը կեանքի կոչելով կրնայ կապ հաստատել Քրիստոսի հետ ու որպէս վարձք կրնայ ստանալ այս հիանալի անունը։ Իր խօսքերու աւարտին՝ հայր սուրբը հրաւիրեց յիշելու մեր սուրբ կոչումը եւ արժանի ըլլալու Քրիստոսի անսահման սիրոյն։

Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Հայր սուրբը նշեց նաեւ, թէ այսօր բոլոր հայոց եկեղեցիներուն մէջ կը նշուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ, ան մաղթեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութիւն, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին արեւշատութիւն, աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին միաբանութիւն եւ անդորրութիւն։ Կատարուած աղօթասացութեամբ ու զանգակներու ղօղանջներու ընկերակցութեամբ ներկայ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, վասն անսասանութեան՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ արեւշատութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։

Հոգեւոր հանդիսութեանց աւարտին, քարոզիչ հայր սուրբի գլխաւորութեամբ՝ «Աւանդական պարախումբ»ի անդամներ եւ հաւատացեալներ համախմբուեցան եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ։ Այնուհետեւ, հայր սուրբը յիշեցուց, թէ Ս. Թարգմանչաց տօնը եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ պարի ճամբով եւս յիշատակելու համար նման մէկտեղում մը կազմակերպուած էր։ Ան շնորհաւորեց ներկաները իրենց նախանձախնդրութեանց համար։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մասնակիցներ թէ՛ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուելու եւ թէ հայկական պարով զուարճանալու առիթն ունեցան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2018