ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՇՈՒՐՋ

«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» նամականիշի կնքման արարողութիւնը Երեւանի մէջ համախմբեց թերթիս խումբ մը համակիրներն ու գործակիցները։ Արարողութեան մասնակիցներու շարքին էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն Տ. Ասողիկ Քահանայ Կարապետեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, հասարակական գործիչ ու գրող Տիգրան Պասկեւիչեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մերձաւոր սփիւռքի բաժնի վարիչ Տարօն Շակոյեան եւ նոյն նախարարութենէն Սարգիս Ալեքսանեան, Հայաստանի Փոխադրութեան, կապի ու տեղեկատուական փորձագիտութիւններու նախարարութեան նամականիշներու բաժնի վարիչ Ծովինար Գալստեան, «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, «Տիճիլիպ»ի ընտանիքէն Յովհաննէս Կիզողեան, «Վերսուս սթիւտիօ»ի տնօրէնուհի Սաթենիկ Ֆարամազեան, ինչպէս նաեւ թերթիս Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց, Սագօ Արեան եւ Անի Բրդոյեան-Ղազարեան։

Հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները մեծ ուրախութիւն ապրեցան «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» դրոշմաթուղթի թողարկման առթիւ եւ զիրար շնորհաւորեցին բարձր տրամադրութեամբ։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018