ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

 Գալ­ֆաեան Տան Է. դա­սա­րա­նի սա­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ թա­ղա­մա­սի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Ի­րենց ու­ղեկ­ցե­ցան ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ա­րու­սեակ Մկր­­տի­չեան, Սի­րան Էօզ­նի­կո­լեան եւ Սե­մա­նուր Սա­րըօղ­լու։ Այս առ­թիւ տղա­քը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին գե­րեզ­մա­նա­տու­նէն ներս եւ այ­ցե­լե­ցին շարք մը մե­ծա­նուն դէմ­քե­րու շի­րիմ­նե­րը. օ­րի­նակ՝ Պետ­րոս Դու­րեան, Մատ­թէոս Զա­րի­ֆեան, Ռէ­թէոս Պէր­պէ­րեան, Յով­հան­նէս Հինդ­լեան, ինչ­պէս նաեւ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նը։

Ա­նոնք թէ՛ տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ եւ թէ ի­րենց պա­տա­նե­կան ան­մե­ղու­թեամբ ա­ղօ­թե­ցին հան­գու­ցեալ­նե­րու հոգ­ւոց հանգս­տու­թեան հա­մար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015