ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը դժբախտաբար իր մահկանացուն կնքեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Ան վարակուած էր քորոնաժահրով ու երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար դարմանման տակ։ Վերջին նմուշառումները թէեւ ցոյց կու տային, որ մարմինը քորոնաժահրը յաղթահարած էր, սակայն Յարութիւն Շանլը միշտ կը պահուէր խտացեալ խնամքի տակ։ Ափսոս, որ իր մարմինը չէ կրցած վերջնականօրէն յաղթահարել վարակի պատճառած ծանր հետեւանքները եւ ան այս առաւօտ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է նաեւ համայնքային շրջանակներէն ներս։ Կէտիկփաշայի ընտանիքն ալ ցնցումի մէջ է՝ իր սիրեցեալ ատենապետի կորուստին բերումով։

Յարութիւն Շանլը ծնած էր 1964 թուականին, յաճախած էր Կէտիկփաշայի Մեսրոպեան վարժարանը, կը զբաղէր առեւտուրով։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը գլխաւորէր Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդը, նաեւ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէր համայնքային կեանքէ ներս։ Իր ատենապետութեան տարիներուն Կէտիկփաշայի տեսակէտէ կարեւոր ձեռքբերումներ ապահովուած էին։ Հայկական բնակչութենէ նօսրացած այս թաղէն ներս, իր գլխաւորած աշխատանքով եւ իր կողմէ ներդրուած եռանդով վերստին աշխուժացաւ եկեղեցին։ Բաց աստի, եկեղեցապատկան կալուածներու արդիւնաւէտ արժեւորման կամ ոմանց սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման ուղղութեամբ իր գլխաւորութեամբ տարուեցաւ մեծ աշխատանք։ Սա ոչ միայն Կէտիկփաշայի ընտանիքի հաշուոյն արձանագրուած յաջողութիւն մը եղաւ, այլեւ՝ համայնքի ընդհանուրին տեսակէտէ վերածուեցաւ ձեռքբերումի։ Յարութիւն Շանլը միշտ խթանեց համայնքէ ներս համագործակցութեան ամրապնդումը, զօրակցութեան շարժումներու ջատագովը եղաւ։ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի՝ VADİP-ի ատենադպիրն էր եւ այդ դիրքին վրայ աշխատեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս կառավարման համակարգը կատարելագործելու, բարեփոխելու ուղղութեամբ։ Վերջին շրջանին ստեղծուած Թրքահայ վաքըֆներու միութեան հիմքերուն մէջ ալ ունեցաւ իր ներդրումը։ Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր կ՚աշխատէր, որպէսզի մեր համայնքային հաստատութիւններու գործունէութիւնը ըլլայ աւելի համակարգուած եւ նպատակասլաց։

Ամուսնացած էր, ունէր երկու զաւակ։ Ընտանեկան տիպար հայր մըն էր։ Յարգանք եւ համակրանք կը վայելէր բարեկամական շրջանակէն ներս։

Յարութիւն Շանլըի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ համաճարակի առկայ մթնոլորտով պայմանաւորուած պարտադիր սահմանափակումներուն համապատասխան՝ այսօր, ժամը 15.00-ին, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին՝ Էօժէն Շանլըի, զաւակներուն, Կէտիկփաշայի ընտանիքին եւ իր բոլոր սիրելիներուն։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020