ԲԱՐԴ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը։ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ) ձեւաչափին մէջ նախատեսուած ժողով մըն էր այս մէկը՝ գլխաւորութեամբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը կ՚ատենապետէ նաեւ ԹՎՄ-ին։ Երէկուան ժողովին հրաւիրուած էին ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները մեր այն համայնքային կառոյցներուն, որոնց հովանաւորութեան ներքեւ վարժարան մը կը գործէ։ Նկատի ունենալով, որ մեր դպրոցներու առկայ հարցերը հրատապ օրակարգի վերածուած է եւ քորոնաժահրի համաճարակի ընկերատնտեսական հետեւանքներն ալ կը բազմապատկեն բոլոր խնդիրները՝ համայնքային վարիչները այս շրջանին բարդ որոնումներու մէջ կը գտնուին։

Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, պոլսահայ կրթական համակարգի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն շուրջ մանրամասն կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան՝ մօտաւորապէս երեքուկէս ժամուան տեւողութեան։ Դռնփակ այս ժողովէն վերջ քանի մը մասնակիցներ յանձն առին մեզի ամփոփ տեղեկութիւններ եւ տպաւորութիւններ փոխանցել այս հաւաքին առընչութեամբ։ Ըստ այդ տուեալներուն, համայնքային վարիչները առայժմ ամուր ու վերջնական փոխըմբռնումի մը չեն հասած՝ թրքահայ կրթական կեանքի վիթխարի մարտահրաւէրներու դիմագրաւման տեսակէտէ։ Այս փուլին կ՚իրականացուին կարգ մը թեքնիկ աշխատանքներ՝ տուեալներու ընդհանուր շտեմարան մը գոյացնելու համար մեր վարժարաններու ընդհանուր կացութեան առընչութեամբ։ Այդ շտեմարանը պիտի ցոլացնէ մանրամասնութիւններ՝ պիւտճէի, ելմտական վիճակի, անձնակազմի, ծախսերու, մանկավարժական հանգամանքներու եւ այլ զանազան երեսակներու շուրջ։ Այդ տուեալներու յստակ չափանիշներու համապատասխան ձեւաւորումէն վերջ, հաւանական է, որ կարիքներու դիմագրաւման, միջոցներու յատկացման առաջադրութեամբ որոշ քայլեր առնուին։ Բայց եւ այնպէս, այս պահուն ամէն ինչ հաւանականութիւններու մակարդակին վրայ է, որովհետեւ համայնքային վարիչները վերջնական փոխըմբռնումի մը չեն հասած։ Հեռանկարային տեսակէտէ մտահոգիչ խնդիրներէն մին է նաեւ յառաջիկայ սիրոյ սեղաններու հաւանական արդիւնքներու պարագային թերահաւատութիւնը, որ կը խորանայ բազում գործօններու ազդեցութեամբ։

Ըստ մեր ունեցած անպաշտօն մանրամասնութիւններուն, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան ժողովին ընթացքին յայտնած է, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը համաճարակի շրջանին զրկուած է հսկայական եկամուտներէ, ուստի յառաջիկայ շրջանին դժուար թէ կարողանայ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերել մեր դպրոցներուն։ Ան անդրադարձած է նաեւ վերջերս համայնքային չորս վարժարաններու պատասխանատուներուն Պատրիարքարան տուած այցելութեան։ Հարկ է նշել, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան եւ Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարաններու պատասխանատուները վերջերս Պատրիարքարան այցելելով պարզած էին իրենց անելը։ Ասոնք, խորքին մէջ, այն դպրոցներն են, որոնք իրենց վերջին սիրոյ սեղանին ժամանակ ակնկալուած հանգանակութիւնը չէին կրցած ապահովել։ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հանդիպման ընթացքին քննադատական ակնարկութիւն մը ունեցած է այդ դպրոցներու վարիչներուն Պատրիարքարան դիմելուն կապակցութեամբ։ Մինչդեռ, իր համոզմամբ, աւելի նպատակայարմար կամ նախընտրելի պիտի ըլլար անոնց ԹՎՄ-ին դիմելը։ Տուեալ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ալ ժողովի ընթացքին պարզած են, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչ հանգամանքներու ներքեւ կատարած են այդ այցելութիւնը։

Ընդհանուր անորոշութեան մթնոլորտի մէջ ԹՎՄ-ի դիւանի փոխ-ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ յղացած է գործնական առաջարկ մը, որու հիման վրայ յառաջիկայ շրջանին յանձնախումբ մը ուսումնասիրական աշխատանք պիտի տանի պոլսահայ կրթական համակարգին առընչութեամբ։ Այդ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան արդիւնքներու լոյսին տակ համայնքային վարիչները ելքեր պիտի որոնեն՝ այժմու ճգնաժամային կացութենէն դուրս գալու համար։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ նշած է, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան հասոյթներն ալ այս շրջանին անկում կրած են։ Պէյօղլուի մէջ երկու կալուածներ, որոնք հնութեան բնոյթ ունին, արդէն գրեթէ փուլ եկած են եւ հաստատութիւնը զրկուած է անոնց հասոյթէն։ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ տարաձայնութեան պատճառ դարձած ծանօթ կալուածի հասոյթէն ալ զրկուած է հաստատութիւնը։ Մինչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ բացատրած է այս կացութիւնը, Պետրոս Շիրինօղլու միջամտելով նշած է, որ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը պատշաճը պիտի տնօրինէ այս խնդրի կարգաւորման համար։ Կիւլմէզկիլ մտահոգութիւն յայտնած է, որ յառաջիկայ շրջանին «KEY Plaza»էն կրնայ դուրս գալ ՄԱԿ-ի մասնաճիւղի Թուրքիոյ ներկայացուցչութիւնը, որ բաւական ձեռնտու պայմաններով վարձակալած է յարկաբաժին մը։

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւս իր մօտեցումները բաժնած է խորհրդակցութեան մասնակիցներուն հետ։ Ան դիտել տուած է, որ Դպրեվանքի խնամակալութիւնը այս տարի եւս սահմանափակ միջոցներ պիտի կարողանայ հաստատել համայնքին՝ իր ծրագիրներու նախապատրաստութիւններուն եւ անոնց համար անհրաժեշտ միջոցներու պատրաստութեան պատճառով։ Յամենայնդէպս ան զօրակցութեան տեսակէտէ դրական տրամադրութիւն յայտնած է եւ ի շարունակութիւն կոչ մը ուղղած է նաեւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Թորոս Ալճան նշած է, որ հիւանդանոցը չի կրնար հրաժարիլ մեր համայնքային վարժարաններուն զօրակցելու պատասխանատուութենէն։ Արդարեւ, եթէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը կը յաջողի իր ընդհանուր ստացուածքէն բաժին մը դուրս բերել համայնքին համար, ապա հիւանդանոցը պէտք է տասնապատիկ զոհողութիւն մը ընէ այս շրջանին։

Զօրակցութեան շօշափելի քայլի մը մասին խօսած գրեթէ միակ ժողովականը եղած է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզ։ Այսպէս, ան նշած է, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդը ներկայ տարուայ բոլոր հասոյթներու եւ կարիքներու հաւասարակշռութեան մէջ կատարած է պիւտճէի արժեւորում մը։ Այդ հաշուարկներու լոյսին տակ յայտնի դարձած է, որ թաղային խորհուրդը այս տարի կրնայ 2.2 միլիոն լիրա յատկացնել՝ որպէս համայնքային միւս հաստատութիւններուն զօրակցութիւն։ Ըստ մեր քաղած տեղեկութիւններուն, ատենապետ Իսքենտէր Շահինկէօզ տեղեկացուցած է, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին կողմէ այդ գումարը արդէն փոխանցուած է Պատրիարքարան, որպէսզի պատշաճը տնօրինուի։

Երկարատեւ խորհրդակցութիւնը աւարտին հասած է՝ առանց յուսադրիչ հորիզոն մը ուրուագծելու՝ մեր կարգ մը վարժարաններու փակման կամ միացման վտանգին դէմ։ 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020