ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրէն ներս սկսաւ գործել՝ երկար ժամանակէ ի վեր պատրաստուած թանգարանը, ինչ որ այս օրերուն արձագանգ կը գտնէ տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։ «Մուսա լերան թանգարան» կը կոչուի այս մէկը, որու բացման կապակցութեամբ երէկ NTV-ի կողմէ մանրամասն հաղորդումներ կատարուեցան։ Վաքըֆլըգիւղի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար այս առթիւ յայտնեց, որ այս թանգարանը չի վերաբերիր միայն հայկական մշակոյթին, այլեւ կը կրէ հետքերը այն մշակոյթներուն, որոնք կը պատկանին Անատոլուի բնակիչ եղբայրական բոլոր ժողովուրդներուն։

Հեռուստակայանը մատնանշեց, որ Վաքըֆլըգիւղը համբաւ ձեռք բերած է՝ իրեն բնորոշ մշակութային առանձնայատկութիւնները պահպանած ըլլալով։ «Մենք կ՚ապրինք տարածքի մը մէջ, ուր գտնուած է գիրը, առաջին սրբավայրերը հիմնուած են եւ գտնուած է դրամը։ Մենք աւելի կը հզօրանանք, եթէ խարսխուինք պատմութեան վրայ։ Այս թանգարանը տէր կանգնելու լաւագոյն օրինակներէն մին է», ըսած է Ճեմ Չափար։

Մուսա լերան թանգարանէն ներս ներկայացուած են շրջանի բնորոշ ազգագրական տարազներ, պատմական իրեղէններ եւ այլն։ Պաստառներու վրայ կը ցոլացուին կենցաղի վերաբերեալ զանազան աւանդութիւններ։ Թանգարանէն ներս ներկայացուած բոլոր իրեղէնները տրամադրուած են գիւղի ժողովուրդին կողմէ։ Այս ամբողջին մաս կը կազմեն նաեւ զանազան եկեղեցական իրեղէններ։

Ճեմ Չափար, որ այս ծրագիրը կեանքի կոչելու համար իր կողակցին՝ Լոռա Չափարի հետ մեծ աշխատանք տարած է, միեւնոյն ժամանակ, շնորհակալութիւն յայտնած է Հաթայի կուսակալ Ռահմի Տողանին, Միջերկրականի զարգացման գործակալութեան եւ այլ իրաւասուներու, որոնք զօրակցութիւն ցուցաբերած են սոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու ճանապարհին։ 

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020