ՄԵԾ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Տօն է դարձեալ այս շաբաթավերջին կղզիի վրայ։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հերթական անգամ լայնօրէն կը բանայ իր դռները մեր համայնքի մանուկներուն ու պատանիներուն առջեւ։ Թրքահայութեան ամենահամեստ խաւերու զաւակները ամրան արձակուրդի շրջանին կը վայելեն Կազդուրման կայանի հոգածութիւնը։ Ճակատագրի բերումով անոնցմէ պակսածը ձեւով մը կը լրացուի, կ՚ամբողջականացուի համայնքին կողմէ։ Աշխարհի բոլոր մանուկները, երեխաները ունին ամրան հաճելի արձակուրդ մը անցընելու անվիճելի իրաւունքը։ Եկուր-տե՛ս, որ բոլորը, դժբախտաբար, տեսական այդ իրաւունքը գործնական գետնի վրայ չեն վայելեր։ Այս տեսակէտէ մեր համայնքը բախտաւոր է, որովհետեւ ունի Կազդուրման կայանի նման հաստատութիւն մը, որ գոնէ մասամբ կ՚ապահովէ իր համեստ ընտանիքներու զաւակներու ամրան հանգիստը։ Սա ընկերային զօրակցութեան, մարդասիրական բիւր զգացումներու դրսեւորում մըն է։ Այս յատուկ առաքելութեամբ հաստատութեան մեր համայնքէն ներս կը վերագրուի յատուկ նշանակութիւն եւ անոր հանդէպ կը ցուցաբերուի մասնաւոր խնամք։ Կազդուրման կայանը եթէ մէկ կողմէ ամրան արձակուրդի օրրան մըն է իր սաներուն համար,

ապա միւս կողմէ շարունակութիւնն է դպրոցին։ Արդարեւ, դաստիարակութիւնը միայն դասարանի նստարաններուն վրայ չ՚ըլլար, տարբեր միջավայրերու, ժամանակներու եւ պայմաններու ներքեւ ան կը կատարելագործուի։ Կազդուրման կայանի իմաստն ու նշանակութիւնը ահա կը բիւրեղանան այս կէտին վրայ։ Իր սաներուն համար կայանը արձակուրդի ճամբարէ մը շատ աւելին է։ Ան ընտանեկան բոյն մըն է, ընկերներու համախմբման վայր մը։ Ամրան արձակուրդները փոքրիկներու հոգեկերտումին վրայ կը գործեն անմիջական ազդեցութիւն։ Հետք կը թողեն անոնց ինքնութեան, նկարագրի կերտման փուլերուն մէջ։ Թրքահայ հաւաքական կեանքէն ներս այս բոլոր հանգամանքներու համագումարը կը համարուի այն իրողութիւնը, թէ ամրան շրջանին Կազդուրման կայանը կը դառնայ մեր համայնքի կեդրոնը։ Մեր համայնքի ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ կայանին վրայ, շուրջ երկու ամիս այնտեղ կը տրոփէ իր սիրտը։

Երբ հերթական անգամ Կազդուրման կայանը իր դռները կը վերաբանայ մեր համայնքի մանուկներուն առջեւ, միեւնոյն ժամանակ, անխուսափելիօրէն, օրակարգի վրայ կու գայ անոր զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը։ Այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Գնալը կղզիի մէջ ժամադրուած են՝ Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութեան համար։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. Պատարագ, որու աւարտին կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս կը սարքուի սիրոյ սեղան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն կը նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Այս հանգամանքը մեր համայնքին տեսակէտէ յատկանշական է, որովհետեւ Կազդուրման կայանի եղանակի բացումը նորընտիր տեղապահի հանդիսապետութեամբ առաջին արարողութիւնը կ՚ըլլայ համայնքէ ներս։ Բաց աստի, կայանը այս տարի ունի նոր հոգատար մարմին մը՝ գլխաւորութեամբ երիտասարդ գործիչ Արի Չոլաքի, որ իր համախոհ ընկերներուն հետ ձեւաւորած է արժէքաւոր տարրերէ բաղկացեալ կազմ մը։

Եղանակի պաշտօնական բացման ընդառաջ, նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Արի Չոլաքն ու իր գործակից ընկերներէն Լենա Ենիեորկանը, Նորա Քումրալը, Սէրտար Չաքանը, ինչպէս նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին զանազան նիւթերու շուրջ։ Այսպէս, Խնամատար մարմնի ջանքերով կատարելագործուած են Կազդուրման կայանի ֆիզիքական պայմանները եւ ստեղծուած են բոլոր պայմանները, որպէսզի կայանի սաները օգտաշատ ժամանցի ու վարժանքի հնարաւորութիւններ ունենան իրենց կեցութեան շրջանին։ Իւրաքանչիւր հերթափոխին կայանի սաներու խումբերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտային տեսակէտէ նպատակայարմար, բազմակողմանի կարելիութիւններէ օգտուելու։ Մասնագիտական անձնակազմ մըն ալ պիտի վերահսկէ տղաքը։ Ընդհանուր առմամբ 350 մանուկ կամ պատանի մինչեւ եղանակի աւարտը պիտի օգտուի Կազդուրման կայանի մատուցած ծառայութիւններէն։

Խնամատար մարմնի ներկայացուցիչները այցելութեան ընթացքին ընդգծեցին, որ Կազդուրման կայանի այս տարուան գործունէութիւնը սկզբունքօրէն ձօնուած պիտի ըլլայ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին, որ իր գահակալութեան շրջանին այնքան ջերմեռանդութիւն կը ցուցաբերէր հաստատութեան նկատմամբ։ Բաց աստի, 24 յուլիս-9 օգոստոս թուականներուն Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենայ մարզական փառատօն մը, որու ֆութպոլի բաժինը ձօնուած պիտի ըլլայ անմոռանալի մորթաբան հոգելոյս Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յիշատակին։ Միեւնոյն ժամանակ կղզիէն ներս ծառատունկ մըն ալ պիտի կազմակերպուի՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար կլիմայի ջերմացման եւ բնապահպանութեան զգայնութիւններուն վրայ։ Այս երկու ծրագրերը կեանքի պիտի կոչուին կղզիի բոլոր մանուկներու եւ պատանիներու մասնակցութեամբ, ինչ որ առիթ պիտի ընձեռէ նաեւ կայանի սաներու անոնց հետ գիրկընդխառնուելուն։

Խնամատար մարմինը լիայոյս է, որ համայնքային շրջանակները այս տարի եւս զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն Կազդուրման կայանը, որպէսզի անոր անփոխարինելի առաքելութիւնը շարունակուի կայուն հունի մը մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019