ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Սա ամրան շրջանի վերջին Ս. Պատարագն էր, որուն մասնակցեցան Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Մուրատ Ուր. Դպիր Խաչիկօղլու, Արեգ Ուր. Դպիր Թաշճեան, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան կանոններուն հնազանդ հաւատացեալներ:

Ս. Պատարագի աւարտին, պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց «Ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես դուն այդ բաները» (Մարկոս 11.28) բնաբանով ու ներկայացուց Քրիստոսի ունեցած Աստուածային իշխանութիւնը։ Հայր սուրբը առաջին հերթին յիշեցուց, թ՝ Քրիստոսի հրաշքները արդէն իսկ փաստերը կը հանդիսանային այս անուրանալի ճշմարտութեան։ Իր հրաշագործութիւններուն ընդհանրապէս ականատեսները կը հանդիսանային թէ՛ աշակերտները եւ թէ իրեն ընդդիմադիր քահանայապետներու եւ օրէնքի ուսուցչաց խումբը։ Երկու տարբեր խումբեր նոյն դէպքը տեսնելով հանդերձ, անոնցմէ մին կը զգար հրաշքին մէջ թաքնուած Աստուածային իշխանութիւնը եւ առհասարակ դաւանողը կը դառնար Քրիստոսի վարդապետութեան, իսկ միւս խումբը՝ ականատեսը դառնալով հանդերձ հրաշքի զօրութեան, միշտ Քրիստոսը ժողովուրդէն հեռացնելու մասին կը մտածէր, քանի ան ալ կ՚ուղղուէր այն զօրութեամբ, որ զՔրիստոս որպէս Աստուածորդի չէր ընկալած։ Հայր սուրբը շեշտեց որ, հաւատացեալ ըլլալու առաջին քայլերէն մին է չհարցաքննել Քրիստոսի իշխանութեան անսահման զօրութիւնը։ Հաւատացեալները հրաւիրեց դաւանողը դառնալու մարմնացեալ Փրկչին՝ օգտագործելով հետեւեալ բանաձեւը. «Գիտեմ թէ ինչ իշխանութեամբ կ՚ընես դուն այդ բաները Ո՜վ Տէր եւ ընդմիշտ կը դաւանիմ Աստուածային զօրութեան տէր Յիսուս Փրկիչը իր յարագործ ներկայութեամբ»:

Իր խօսքերու աւարտին հայր սուբրը յայտնեց, թէ ամրան շրջանի վերջին Ս. Պատարագը կը մատուցուէր Գնալը կղզիի մէջ։ Հակառակ անոր որ քորոնա համավարակը սահմանափակած էր բազում գործունէութիւններ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագները եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները կանոնաւոր ձեւով կատարուած էին նախ՝ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ ապա՝ Կղզեաց թաղային խորհուրդի, Ներսէսեան դպրաց դասու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի միասնական գործակցութեամբ։ Այս առիթով օրհնեց բոլոր սպասաւորները, որոնք իրնեց ներդրումը բերած էին ամրան շրջանին։

Իսկ յետոյ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան տեղական լեզուով համառօտեց օրուայ քարոզը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2020