ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ այս կիրակի նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը բացատրեցին, որ Տատեան վարժարանը մեր միւս կրթական հաստատութիւններուն նման պիւտճէի մեծ բաց մը թէեւ չունի, սակայն ի վերջոյ որոշ կարիքներու համար մեր ժողովուրդի զօրակցութեան դիմելու անհրաժեշտութիւնը կը զգայ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքի օրինակելի եւ ներդաշնակ աշխատանքին զօրակցելու տեսակէտէ յառաջիկայ սիրոյ սեղանը կարեւոր առիթ մըն է մեր համայնքին համար։ Արդարեւ, Պաքըրգիւղը թէ՛ իր մարդուժով եւ թէ հաստատութիւններու արդիւնաւէտութեամբ միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ համայնքային կեանքէն ներս, իբր այդ համայնքային շրջանակները միշտ պատրաստակամ վերաբերմունք ցոյց կու տան անոր կարիքներուն նկատմամբ։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019