ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը, որուն կ՚ընկերանար ներկայացուցչական խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ջերմօրէն ողջունեց Սահակ Սարգսեանի եւ Նաղաշ Յակոբեանի այցելութիւնը՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։ Իր կարգին, Սահակ Սարգսեանն ալ յայտնեց, որ ծանօթ է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութեան եւ թրքահայ կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր առաքելութեան, ուստի ուրախութիւն յայտնեց խմբագրատանս մթնոլորտը շնչելու հնարաւորութեան կապակցութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան զանազան նիւթեր. ինչպէս՝ Հայաստանի իրադարձութիւնները, թրքահայ համայնքային կեանքի այժմու վիճակը, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ընդհանուր ընթացքը, հայապահպանութեան խնդիրները եւ այլն։

Սահակ Սարգսեան յայտնեց, որ քաղաքիս մէջ պաշտօնի կոչուած օրէն ի վեր, ՍԾՏՀԿ-ի շրջանակներէն ներս տարած ընթացիկ աշխատանքին առընթեր, զանազան հանդիպումներ ունեցած է համայնքային շրջանակներէ ներս։ Այդ ամբողջին մէջ ան առանձնացուց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ ունեցած տեսակցութիւնները։ Սարգսեան գոհունակութեամբ նշեց, որ ամէնուրեք գտած է ջերմ վերաբերմունք եւ ինքն ալ ուրախ է, որ պոլսահայութեան նման խոր աւանդութիւններով համայնքին հետ շփուելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ։

Զրոյցի տեւողութեան մատնանշուեցաւ, որ մեր համայնքը ընդհանրապէս դրականօրէն տրամադրուած է Հայաստանի նկատմամբ եւ այդ տրամադրութիւնը շօշափելի գործօնի մը կրնայ վերածուիլ եթէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ ընդհանուր կլիման փոխուի եւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատուին երկու հարեւան պետութիւններու միջեւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 7, 2019