ԱՆՅԱՊԱՂ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մինչ Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի բազմաթիւ քաղաքներ վերածուած են փլատակի, երկրին մէջ պարզուած է պատկեր մը, որ կ՚անդրանցնէ նոյնիսկ ողբերգութեան բոլոր համեմատութիւնները։ Մէկ կողմէ կացութիւնը շատ ծանր է ու ցնցիչ, իսկ միւս կողմէ պահու հրամայականն է այդ բոլորին տակ չընկճուիլ եւ շարժման անցնիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ խնայել այն, ինչ որ կարելի է փրկել, այն, ինչ որ կարելի է վերջին պահուն ազատել։ Ստեղծուած ծանր իրավիճակէն անմասն չէ նաեւ թրքահայութիւնը՝ որպէս մեր երկրի անանջատելի տարրերէն մին։ Երէկուան ողբերգական շաբթուան սկիզբին, թրքահայութիւնը անմիջապէս շարժման անցած է՝ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներու լոյսին տակ։ Պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անյապաղ գործողութիւններ սկսած են, որպէսզի թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու առումով մեր համայնքը կարողանայ ընել իր առաւելագոյնը։

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ արտահերթ ժողովի հրաւիրեց Պատրիարքական Աթոռի ընկերային յանձնախումբը։ Այս խորհրդակցութեան լոյսին տակ Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ Նորին Ամենապատուութիւնը այսօր ալ Պատրիարքարանի մէջ կը մէկտեղուի համայնքային բոլոր հաստատութիւններու ատենապետներուն հետ՝ արժեւորելու համար թէ՛ երկրին եւ թէ՛ գաւառներու բնակիչ մեր համայնքի անդամներուն առջեւ ծառացած կացութիւնը։ Յետմիջօրէի այս խորհրդակցութեան հրաւիրուած են նաեւ համայնքային մամուլի ներկայացուցիչները։ Այս պահու դրութեամբ, մեր համայնքը իր բոլոր լծակները շարժման կ՚անցընէ աղէտի գօտի բազմաբնոյթ օգնութիւն փութացնելու համար։

Երէկ առաւօտ, Պատրիարքարանը արդէն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցած էր գաւառի մեր սրբավայրերու ընդհանուր կացութեան մասին։ Դժբախտաբար, Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին ֆիզիքական վնասի ենթարկուած է եւ, ըստ երեւոյթին, մօտաւոր ապագային անոր վերանորոգութեան խնդիրը անմիջականօրէն պիտի զբաղեցնէ մեր համայնքի օրակարգը։ Երէկ առաւօտ Գումգաբուէն հասած տեղեկութիւններուն ի շարունակութիւն, օրուան տեւողութեան, դժբախտաբար, Մալաթիայէն նոր տխուր լուրեր հասան։ Օրուան սկիզբին հաղորդուած էր, որ Մալաթիոյ մէջ Սամի եւ Այտա Թապաշ ամոլը զոհ գացած էր երկրաշարժին։ Ցնցումէն անմիջապէս վերջ անոնց երկու անչափահաս զաւակներն ալ ծանր վիճակով դարմանման տակ առնուած էին հիւանդանոցի մէջ։ Ժամեր անց տեղեկացուեցաւ, որ, դժբախտաբար, անոնց անչափահաս զաւակներէն մին եւս աւանդած է իր հոգին։ Այսպէսով երկրաշարժի հետեւանքով մեր համայնքի զոհուած անդամներուն թիւը բարձրացաւ երեքի։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Պատրիարքարանի մէջ երէկ տեղի ունեցած Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի նիստին ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շեշտեց ստեղծուած կացութեան լրջութիւնը։ Իր կարգին, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ յայտնեց, որ այս շրջանին համայնքը իր բոլոր հնարաւորութիւնները պէտք է շարժման անցընէ։ Խաչիկ Ճանէլի կողմէ գլխաւորուած ընկերային յանձնախումբի անդամները ընդհանուր տեղեկութիւններ տուին իրենց ներուժին եւ հաւանական հնարաւորութիւններուն կապակցութեամբ։

Բացի պաշտօնական զեկոյցին մէջ ընդգծուած մանրամասնութիւններէն, ժողովականները համակարծիք գտնուեցան, որ մեր համայնքային հաստատութիւնները միացնեն իրենց հնարաւորութիւնները եւ երկրէն ներս սկսած նուիրահաւաքման արշաւին ունենան հնարաւոր առաւելագոյն մասնակցութիւնը։ Երէկուան ժողովին ընթացքին որդեգրուեցաւ նաեւ ուրիշ սկզբունք մը, որպէսզի համայնքէն ներս գործող ընկերային զօրակցութեան բոլոր խմբաւորումները այս շրջանին կեդրոնացեալ եւ համակարգուած գործունէութիւն ծաւալեն։

Երէկուան ժողովին ընթացքին հեռաձայնային կապ հաստատուեցաւ գաւառներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի հետ։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները վերջին մանրամասնութիւններուն վերահասու դարձան տէր հօր կողմէ փոխանցուած թարմ լուրերու լոյսին տակ։ Ի պատասխան ժողովականներու հարցումներուն՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան տեղեկացուց, որ 4-5 ընտանիքներու հետ քով քովի են եւ պահու անխուսափելի ցնցումի պայմաններուն ներքեւ կը ջանան ստուգել առկայ կարիքները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժողովականներուն ներկայութեամբ արտայայտեց իր հայրական հոգածութիւնը եւ յղեց իր աղօթքն ու օրհնութիւնները։ Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլուն ալ նշեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պատրաստակամ է՝ այս շրջանին երդիք ապահովելու համար գաւառներու բնակիչ մեր համայնքի այն անդամներուն, որոնք երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան դարձած են։ Բնականաբար, սկզբունքային հարթութեան վրայ արտայայտուած այս բոլոր պատրաստակամութիւններէն վերջ, գործնական փուլին առնուելիք քայլերը աստիճանաբար պիտի յստակեցուին՝ նայած իրադարձութիւններու ընթացքին։

Այսօրուան ատենապետներու խորհրդակցութեան ընթացքին ալ, ամենայն հաւանականութեամբ, արդէն նմանաբնոյթ օրակարգի շուրջ քննարկումներ կը ծաւալուին Գումգաբուի մէջ։

Միւս կողմէ, երէկուան տխուր եւ ծանր իրավիճակին մէջ, Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ աղօթք։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին հոգեւոր հայրեր, որոնք միասնաբար առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին՝ երկրաշարժի բոլոր զոհերու հոգւոցն ի հանգիստ։ Նոյնպէս Բարձրեալին աղօթք յղուեցաւ, որպէսզի արագ առողջութիւն եւ կատարեալ բժշկութիւն պարգեւէ բոլոր վիրաւորներուն, որոնք կը գտնուին դարմանման տակ։ Բարձրեալն Տիրոջ զօրակցութիւնը հայցուեցաւ նաեւ բոլոր աղէտեալներուն եւ երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացածներուն համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հոգեւոր հայրերը Մայր եկեղեցւոյ Աւագ Խորանին առջեւ ծնրադիր երգեցին «Տէր ողորմեա»ն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 7, 2023