ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 7-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը սաներ, որոնց ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց մեր երդիքին տակ։ 3 մայիսի Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրուան ի շարունակութիւն՝ դպրոցի 7-րդ դասարանի սաները այս այցելութիւնը կատարեցին՝ ուսուցչուհի Թալին Կարիպկիւնի հսկողութեան ներքեւ։ Աշակերտները ժամանեցին պաստառներ ի ձեռին եւ իրենց հետ զրոյցը ծաւալուեցաւ այդ կարգախօսներու տրամաբանութեան մէջ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ աշակերտները կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտով վերահասու դարձան ազատութիւններու եւ պատասխանատուութիւններու յարաբերակցութեան մասին նիւթերու։

Հուսկ, տղաքը նկարահանուեցան եւ մեր կողմէ մօտալուտ արձակուրդի համար բարեմաղթութիւններով հրաժեշտ առին խմբագրատունէս։

Երեքշաբթի, Մայիս 7, 2024