ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եզակի երաժշտահանդէս մը։ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին ձօնուած երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Տոց. Թունճէր Էօնտէր հանդէս եկաւ կիթառի ռեսիթալով մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թունճէր Էօնտէր արժէքաւոր երաժշտագէտ մըն է եւ վերջին շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Կոմիտաս Վարդապետի ժառանգը։ Ան կիթառով կը մեկնաբանէ Կոմիտասի գործերը ու միշտ կ՚արժանանայ երաժշտասէրներու գնահատանքին։

Երէկուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Երաժիշտը նստած էր եկեղեցւոյ զանգակատան ներքեւ։ Շրջափակի ամփիթատրոնի նստարաններուն վրայ հաւաքուած էին ունկնդիրները, որոնք ուշադրութեամբ հետեւեցան Թունճէր Էօնտէրի կատարումներուն։ Ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեանն ու իր գործակից ընկերները եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։

Կիթառիստ Թունճէր Էօնտէր մասնաւորապէս կ՚ուսումնասիրէ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական հանճարը եւ անոր տասնեակ մը գործերը վերամշակած է՝ կիթառի յարմարեցնելով, երէկ երեկոյեան ներկայացուց ութ գործեր։ Երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած հերթական ծրագիրը կեանքի կոչուի իր իսկ բնակած Գնալը կղզիին մէջ։ Թունճէր Էօնտէր չէ սահմանափակուած Կոմիտասի գործերու երաժշտական առումով ուսումնասիրութեամբ, այլեւ թափանցած է նաեւ անոնց բառերու իմաստին՝ երգերուն գրի առնուած վայրերով ու մթնոլորտով հանդերձ։ Ան ունի խորաթափանց ընկալում մը Կոմիտասի երաժշտական ստեղծագործական հանճարին մասին։ Ուստի, ան երեկոյթի յայտագրի իւրաքանչիւր երգը կիթառով նուագելէ առաջ ունկնդիրներուն տուաւ հակիրճ տեղեկութիւններ։

Ձեռնարկը տեւեց մօտաւորապէս ժամ մը, մինչ ունկնդիրները հիացումով հետեւեցան երաժիշտի՝ թէ՛ կատարողական վարպետութեան եւ թէ փոխանցած մանրամասնութիւններուն։ Զանգակատան տպաւորիչ լուսաւորութեան ներքեւ, մոմերով լուսաւորուած եկեղեցւոյ մօտ իսկապէս խորհրդաւոր երեկոյթ մըն էր այս մէկը։ Թունճէր Էօնտէրն ալ ուրախութիւն յայտնեց՝ Գնալը կղզիի նման յատկանշական վայրի մը մէջ Կոմիտաս Վարդապետի գործերը մեկնաբանելու հնարաւորութեան բերումով։ Ուստի, ան յիշարժան նկատեց այս համերգը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն։

Համերգի աւարտին երեկոյթը եզրափակուեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի խօսքով։ Հուսկ բանքի աւարտին հայր սուրբը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Թունճէր Էօնտէրին։

Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ունկնդիրները մեծ համակրանքով շրջապատեցին Թունճէր Էօնտէրը, որու հետ բաժնեցին իրենց տպաւորութիւնները երեկոյթին շուրջ եւ անմիջական զրոյց ունեցան անոր հետ։ Այս փուլին Էօնտէր տեղեկացուց, որ պատրաստութեան ձեռնարկած է Կոմիտասի գործերէն բաղկացեալ նոր գիրքի մը հրատարակութեան համար։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2019