ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ Տ. ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍԿ. ՏՕՆՈՅԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեանը։ Հարկ է նշել, որ հիւր սրբազանը միօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէր Պատրիարքարանի մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Զրոյցի ընթացքին Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնները։ Ապա զրոյց տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ իրականութեան վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմօրէն ողջունեց գերաշնորհ հիւրին այցելութիւնը եւ ուրախութիւն յայտնեց զինքը հիւրընկալելու կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կացութեան եւ ըսաւ, որ իր աղօթքներուն մէջ է Լիբանանը ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութիւնը՝ մասնաւորապէս։ Նորին սրբազնութիւնը այսօր Պոլիսէն կը վերադառնայ Լիբանան։

Հարկ է նշել, որ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջերս Անթիլիաս հրաւիրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդները։ Անոնց այցելութիւնը կազմակերպուած է՝ լիբանանահայութեան դիմագրաւած առկայ հրատապ վիճակին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օժանդակութեան ծրագիրները աչքէ անցընելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւորութիւն կը վերագրուի ամերիկահայութեան կողմէ ակնկալուած օժանդակութիւններուն։ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան անցեալ կիրակի Պէյրութի մէջ Ս. Պատարագ մատուցած է՝ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան մտերիմ բարեկամներէն մին է Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի։ Երբ հայր սուրբը ուսումը կը ստանար Անթիլիասի մէջ, անոնց միջեւ ձեւաւորուած է եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններ։ Օգտուելով Լիբանանի մէջ գտնուելու պատեհ առիթէն եւ ֆիզիքական մօտիկութենէն, Տ. Թորգոմ Եպսկ. Տօնոյեան միօրեայ այցելութեան փութացած է Իսթանպուլ։

ԱՅԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Միւս կողմէ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Գումգաբուի մէջ երէկ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վարչայինները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021