ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ՝ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր ընկերակիցները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ամսավերջին նախատեսուած է թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որու ընդառաջ Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները այցելեցին Պատրիարքարան։ Զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցուեցան եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ սանուց միութեան գործունէութեան շուրջ։

Տեղապահ սրբազան հայրը հայրական խորհուրդներ տուաւ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչներուն, որոնց յղեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։   

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017