ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Դեկտեմբերի 19-ին նախատեսուած է Եշիլգիւղի աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որու զուգահեռ տեղի պիտի ունենայ թաղի վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ուստի, թաղականները Գումգաբու փութացած էին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։ Զրոյցի տեւողութեան Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր գործակից ընկերները յատկապէս ընդգծեցին վերջին շրջաններուն ծանրացած նիւթական դժուարութիւնները։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ, որ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս երիտասարդութեան մասնակցութիւնը անհրաժեշտ կը համարուի։

Իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւով հաստատեց, թէ համավարակի շրջանին բազմապատկուած են նիւթական դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարման նպատակով անհրաժեշտ է յատուկ աշխատանք տանիլ։ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս համամիտ գտնուեցաւ նոր սերունդը համայնքային կեանքին ներգրաւելու կարեւորութեան եւ ըրաւ համապատասխան հայրական թելադրութիւնը՝ մանաւանդ, որ Եշիլգիւղը մեր հայաշատ թաղերէն մին է։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս գնահատեց այս դժուարին շրջանին թաղականներուն կողմէ մատուցուած յանձնառու ծառայութիւնը, անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութիւն մաղթեց յատկապէս յառաջիկայ մատաղօրհնութեան համար։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2021