ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի բոլոր դասարաններու աշակերտները թէ՛ միասնաբար զուարճացան եւ թէ հաղորդ դարձան տօնական խորհուրդին։ Տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած յայտագիրը կ՚ընդգրկէր զանազան խաղեր, որոնց իւրաքանչիւր քայլափոխին տղոց ոգեւորութիւնը բազմապատկուեցաւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024