ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները 8 մարտի Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ հանդէս մը ներկայացուցին, ինչ որ առիթ դարձաւ խանդավառութեան։ Թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տղաքը իրենց ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։ Միւս կողմէ, ծնողաց միութիւնն ու տիկնանց կազմն ալ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ թէյասեղան մը սարքեցին վարժարանի կրթական մշակներուն համար։

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024