ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՈՒՐՔ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ յետմիջօրէին, ընդունեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սենիհա Պիրանտ Չընարի եւ իր ընկերակիցներուն այցելութիւնը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն այցելութիւնը, որու ընթացքին աւագ հիւպատոսը ծանօթացաւ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը աւագ հիւպատոսին փոխանցեց տեղեկութիւններ՝ իսթանպուլահայ համայնքի, Հայ Եկեղեցւոյ ու Պատրիարքական Աթոռոյ մասին։

Հանդիպման աւարտին Սենիհա Պիրանտ Չընար շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար ու հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

Շաբաթ, Ապրիլ 9, 2022