Շաբաթ 28, Յունիս 2025
ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները հիւրընկալեցին Համահայկական խաղերու Թեհրանի տեղական կոմիտէի պատասխանատուներէն Հրաչիկ Շահպազեանն ու Ռազմիկ Միրզախանեանը։ 8-րդ ամառնային խաղերուն ընդառաջ խորհրդակցութիւններ կատարուեցան կազմակերպչական աշխատանքներու շուրջ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ՝ տեղեկութիւններ փոխանակելու համար Պոլսոյ եւ Թեհրանի հայկական մարզակումբերու գործունէութեան շուրջ։
Երեքշաբթի, Մայիս 9, 2023