ՀՆԱԳՐԱՎԱՃԱՌՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՀԱՅ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Սեպ­տեմ­բեր 17-Հոկ­տեմ­բեր 11 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ Թե­փե­պա­շըի հար­թա­կին վրայ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հնագ­րա­վա­ճառ­նե­րու 9-րդ փա­ռա­տօ­նը։ Կազ­մա­կեր­պիչ­ներն են Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը, «Քիւլ­թիւր քեն­թի» հիմ­նարկն ու Պէ­յօղ­լուի քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը։ Բազ­մա­թիւ հնագ­րա­վա­ճառ­նե­րու ա­ռըն­թեր այս տա­րի եւս փա­ռա­տօ­նին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն Բիւ­զանդ Աք­պա­շի ղե­կա­վա­րած «Թուր­քուազ» հնագ­րա­վա­ճա­ռը եւ մեր հա­մայն­քի սի­րուած ա­նուն­նե­րէն Գա­մէր Կէօք­չէի «Գա­մէր» գրատու­նը, որոնք կը գտնուին Պէյօղ-լուի մէջ։ Ինչ­պէս ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն, մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն վա­յե­լեց այս փա­ռա­տօ­նը, ո­րու վեր­ջին օ­րե­րը նոր ա­ռիթ մըն է այ­ցե­լե­լու։

Հարկ է նշել, թէ Հոկ­տեմ­բեր 10-25 թուա­կան­նե­րուն ալ Սկիւ­տա­րի ծո­վե­զեր­քին պի­տի սար­քուի հնագ­րա­վա­ճառ­նե­րու երկ­րորդ փա­ռա­տօ­նը, ո­րուն  իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ Բիւ­զանդ Աք­պա­շի «Թուր­քուազ» հնագ­րա­վա­ճա­ռը։ Այս փա­ռա­տօ­նը կազ­մա­կեր­պուած է Սկիւ­տա­րի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Հնագ­րա­վա­ճառ­նե­րու միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2015