ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Վաղը համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Գումգաբուի մէջ։ Թաղի Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տեղի կ՚ունենայ աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով հերթական անգամ կը կատարուի հանգանակութիւն։ Գումգաբուի ընտանիքը, բառին բուն իմաստով, զօրակոչի ձեռնարկած է՝ թաղի դպրոցի կայուն երթը, որակն ու մակարդակը երաշխաւորելու համար։ Նկատի ունենալով, որ մեր կրթական հաստատութիւնները տարիներէ ի վեր որքան մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, սա իսկապէս բարդ գործ մըն է։ Գումգաբուի ընտանիքը այս փուլին վարժարանի պիւտճէն հաւասարակշռելու տեսակէտէ լուրջ գործօն մը կը համարէ զօրակցութիւնը։

Մատաղօրհնութեան ընդառաջ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանար իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլա։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք մեզի բացատրեցին, թէ Պէզճեան Մայր վարժարանը կայուն թափով կը շարունակէ վերելք արձանագրել։ Վարժարանը այս տարի ունի 106 աշակերտ, որոնց ուսում կը ջամբէ 29 հոգիէ բաղկացեալ ուսուցչական կազմը՝ գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Թալին Նայիրի։ Մոսկոֆեան եւ Տամլա ընդգծեցին նաեւ, որ թաղային խորհուրդը գնած է Պէզճեան սանուց միութեան յարակից 28 մեթր քառակուսի հողատարածք մը։ Անոնք յայտնեցին, թէ այս ձեւով տիրացած են 700 մեթր քառակուսի տարածութեան մը, որուն վրայ կը ծրագրեն կառուցել շահաբեր շէնք մը։ Այս ձեւով թաղային խորհուրդը կը ծրագրէ յառաջիկային համայնքի ուսերէն թեթեւցնել Պէզճեան Մայր վարժարանի բեռը ու ապահովել անոր կայուն երթը։

Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Դաւիթ Տամլա ընդգծեցին, որ այս տարի եւս Պէզճեան Մայր վարժարանը ունեցած է ձեռքբերումներ եւ անոնց տեւականացման համար Գումգաբուի թաղային խորհուրդը կ՚ապաւինի մեր համայնքի զօրակցութեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 9, 2021