«ԿԱԶՓՐՈՄ»Ի ԾՐԱԳՐԵՐԸ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի «Կազփրոմ» բնական կազի ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլերը։ Այս առթիւ վարչապետը նշեց, որ «Կազփրոմ» ընկերութիւնը ուժանիւթի ոլորտէ ներս Հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է, կառավարութիւնը կը կարեւորէ փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումը։

Ալեքսէյ Միլլեր ներկայացուց Հայաստանէ ներս «Կազփրոմ»ի գործունէութիւնը, ընկերութեան ներդրումային եւ ընկերային ծրագրերով հանդերձ։ Ան վստահեցուց, թէ «Կազփրոմ» պատրաստ է շարունակել իրականացնել իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները։

Զրուցակիցները քննարկեցին ուժանիւթի ոլորտէ ներս հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը եւ զարգացման հեռանկարները։ Անոնք անդրադարձան «Կազփրոմ» ընկերութեան գործունէութեան վերաբերեալ խնդիրներու։ Երկուստեք կարեւորուեցան Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտի զարգացման, կազամատակարարման յուսալի համակարգի ձեւաւորման ուղղեալ շարունակական ծրագրերը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021