ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Մինչ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը կը շարունակուի սերտօրէն, Անգարայի եւ Պաքուի ռազմական ղեկավարութիւններուն միջեւ ալ յաճախակիօրէն այցելութիւններ կը փոխանակուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ Անգարա այցելեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով, որ հիւրընկալուեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան քննարկումներ ծաւալուեցան երկու երկիրներու ռազմական համագործակցութեան օրակարգին շուրջ։ Զաքիր Հասանովին կ՚ընկերանար Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Քերիմ Վելիեւ։

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս վարուած բանակցութիւններուն առընթեր, բարձրաստիճան հիւրերը երէկ այցելեցին նաեւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր ընդունուեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէր։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերուն մասնակցութեամբ արդէն չորս զօրավարժութիւն սկսած է։ Պաշտպանութեան բնագաւառի ղեկավարներու փոխանակած այցելութիւններուն առընթեր, վերջին օրերուն Պաքու այցելեց նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2021