ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՊԱՇԱՐՈՒՄ»Ը ՊԻՏԻ ԱՒԱՐՏԻ՞

Անհնար է հաշուի չառնել ու չարձանագրել այն փաստը, որ երէկ տեղի ունեցաւ յանուն «պաշարուած» Լիբանանի։

Խօսքը Իրանի նաւթատար նաւուն մասին է, որ բեռնաւորուած էր մազութով եւ անցնող ժամերուն հասաւ Սուրիոյ Պանիաս քաղաքի նաւահանգիստ։

Անշուշտ, այս մասին երէկ երկար ելոյթ մը ունեցաւ «Հիզպուլլահ»ի առաջնորդը, որ մանրամասներ հաղորդեց հասնող նաւուն եւ գալիք նաւերուն մասին։ Հիմա շատեր պիտի ըսեն (ու սխալ չեն), որ նաւ մը ի՛նչ կրնայ ընել լուծելու համար Լիբանանի մէջ առկայ վառելանիւթի մեծ տագնապը, սակայն խնդիրը միայն ատ չէ, այլ աւելին։

Նասրալլա բառացիօրէն ըսաւ. «Ամերիկացիք այս քայլով կոտրուեցան, տկարացան ու շատ լաւ գիտէին, որ որեւէ սխալ հակադարձումի մը պատասխան պիտի ստանան ու ետ մղուին»։

Այստեղ շատ կարեւոր է առնել երկու դաս. նախ այն, որ Նասրալլա իր խոստացածը կը կատարէ, իսկ երկրորդը՝ այս նաւը, կամ երկու, երեք կամ չորս ու հինգ նաւերը բացին նոր փուլ մը, որուն հիմամբ Ամերիկա համոզումը ունեցաւ, որ Լիբանանի վզին դրուած օղակը այլեւս պէտք չէ սեղմուի։ Կրնայ ըլլալ, որ ամերիկացիք այլ «խաղի» երթան, կամ նոյնիսկ «օգնեն» Իսրայէլին Իրանը հարուածելու համար, բայց կան նշաններ, որ Լիբանանի մէջ դրուած առանցքը եւ կառավարութեան կազմութիւնը (որ ֆրանս-իրանեան նախաձեռնութեամբ է) պիտի բանան լուծումներու նոր ժամանակ մը Լիբանանին համար։

Այս բոլորը կը գրեմ զուտ վերլուծական միտումներով, նաեւ բացառելով այս մէկը յաղթանակ մը համարելէ, կամ Իրանի կատարածը «սրբութիւն» մը համարելու վարկածը, որուն պաշտպանողները քիչ չեն։

Կարեւորը այն է, որ ամերիկացիք նոր դուռ մը կը բանան Լիբանանին համար եւ այդ կ՚ընեն զանազան ազդեցութիւններու հիմամբ, որոնց մէջ ալ «Հիզպուլլահ»ի գործօնը մեծ ազդակ մըն է ու աւելին։

Հուսկ՝ ըսեմ նաեւ, որ Իրանի «հալալ» մազութը Լիբանանի Պեքաա շրջան պիտի հասնի շնորհիւ Սուրիոյ փոխադրատար ընկերութեանց բանալով «վերջ պաշարում»ին ընդհանուր նոր խորագիրը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021