ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս առաւօտ պաշտօնապէս ստանձնեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Այսպէսով Երեւանին անցաւ ղեկը այս կազմակերպութեան, որ Հայաստանին մեծ յուսախաբութիւն պատճառած է Ատրպէյճանի կողմէ իր սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Տաճիկիստանի մայրաքաղաքը Տուշանպէի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին ժամանակ հայկական կողմը ստանձնեց նախագահողի պաշտօնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը մասնակցի այս գագաթաժողովին։ Մեծ բացական է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ մեկուսացած է քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։ Անդամ երկիրներու ղեկավարներու այս օրուան հանդիպման ընդառաջ, Տուշանպէի մէջ երէկ ալ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի մասնակից պետութիւններու անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու ժողովը։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ մասնակցեցաւ այդ նիստին։ Բաց աստի, ան Տուշանպէի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տուշանպէի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդունուեցաւ նաեւ գագաթաժողովի հիւրընկալ երկրի՝ Տաճիկիստանի նախագահ Իմամալի Ռահմանի կողմէ։

Փաշինեան եւ Ռահման անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն, նաեւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք կարեւորեցին տնտեսական ոլորտէ ներս կապերու ընդլայնումը եւ այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը։ Անոնք համոզուած են, թէ երկկողմանի համագործակցութիւնը ունի մեծ ներուժ։

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021