ՊԱՐԳԵՒՆԵՐՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Երէկ, հոգելոյս Հրանդ Տինքի ծննդեան տարեդարձն էր։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ նահատակեալ լրագրողը ոգեկոչուեցաւ բիւր յարգանքով։ Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած ոճրագործութենէն ի վեր, ամէն տարի ան կ՚ոգեկոչուի զանազան ձեռնարկներով։ Անոնցմէ ոմանք տարեկան պարբերականութիւնով կը կազմակերպուին եւ անոնց գլխաւորներէն մին է սեպտեմբերի 15-ին՝ իր ծննդեան օրով նախատեսուածը։ Ընդհանուրին մէջ, այդ բոլոր ոգեկոչումները յաւերժութեան, անմահութեան ճանապարհին վրայ կ՚ամրապնդեն բարեյիշատակ ու նահատակեալ լրագրողը։

Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս տարուայ համանուն մրցանակաբաշխութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ 13-րդ անգամ։ Միջազգային մրցանակի դափնեկիրներուն անունները հրապարակուեցան առցանց ձեռնարկով մը։ Այսպէս, այս տարուան մրցանակակիրները եղան Ճանան Արըն եւ Մարիա Ռեսսա։ Ճանան Արըն Թուրքիոյ մէջ յամառ պայքար կը մղէ կանանց ուղղեալ բռնութիւններու դէմ։ Ան այդ պայքարը կ՚իրականացնէ իրաւունքի շրջանակին մէջ, գիտական աշխատութիւններու ու տուեալներու հիման վրայ, անաչառ ու քաղաքական բեւեռացումներէ հեռու մնալով։ Իսկ լրագրող Մարիա Ռեսսա փիլիպեաններու մէջ մամլոյ ազատութիւնը կը պաշտպանէ՝ բարդ քաղաքական պայմաններով ու անհատական բարձր ռիսքերու տակ։

«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակի պարգեւաբաշխման առցանց ձեռնարկը հիւրընկալեց անոր անունով կոչուած յիշողութեան վայրը, որ իր կողմէ հիմնուած «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատունն է։ Հեռավար ձեռնարկի հանդիսավարներն էին Տեֆնէ Քայալար (թրքերէն) եւ Էսրա Տերմանճըօղլու (անգլերէն)։ Նախաձեռնարկ հիմնարկին անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց հոգելոյս Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքել Տինք։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կողմ է զօրակցութեան, բարութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան, բնութեան, շրջապատի եւ մարդու ապրելու իրաւունքին։

Ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ «Amnesty International» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ակնէս Քալամար, որ ամփոփեց մարդու իրաւանց բնագաւառի անցեալ տարուայ իրադարձութիւնները։ Ան շեշտեց, որ բազմաթիւ մարդոց պայքարը կը խոչընդոտուի, սակայն, իրենց մեծագոյն պարտականութիւնը կը համարուի՝ ճշմարտութեան բարձրաձայնումը։

Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ երաժշտական կատարումներ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021