ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Հայաստանի մէջ, խորհրդարանական կառավարման նորահաստատ համակարգի պայմաններով կը վերաձեւաւորուի երկրի նոր ղեկավարութիւնը։ Սա նոր սկիզբ մըն է երկրի տեսակէտէ, թէեւ պետական աւագանիի հիմնական դէմքերը կը մնան անփոփոխ։

Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովը գումարեց յատուկ նիստ մը, որու ընթացքին ընտրեց նոր վարչապետը, որ նորահաստատ համակարգով կը գլխաւորէ գործադիր իշխանութիւնը։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, վարչապետ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեան, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած էր խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր այդ քաղաքական ուժին կողմէ։ Սերժ Սարգսեանին ի նպաստ քուէարկեց 77 պատգամաւոր։ 17 երեսփոխան ալ դէմ քուէարկեց։ Այսպէսով ան ընտրուեցաւ վարչապետ։

Խորհրդարանի որոշման լոյսին տակ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիր՝ Սերժ Սար-ըրդը  գսեանը վարչապետ նշանակելուՍերժ Սարգսեան վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ սկսած է շնորհաւորականներ ստանալ զանազան երկիրներու ղեկավարներէն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Սերժ Սարգսեանին։

Մինչ այդ, Սերժ Սարգսեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանին մէջ՝ անդրադառնալով երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի զանազան խնդիրներուն։ Ներկայ նոր մեկնարկի առաջին քայլափոխին ան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ եւ ըսաւ, որ Հայաստան կը փափաքի խնդիրը լուծել խաղաղ ճանապարհով։ Սարգսեանի խօսքով՝ բանակցային գործընթացը իսկապէս լաւատեսութիւն չի ներշնչեր եւ աւելի յստակօրէն այս գործընթացը ուղղակի կանգ առած է, որովհետեւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը բանակցութիւններու արդիւնքին շուրջ ունի անիրատես եւ անընդունելի ակնկալութիւններ։ Ըստ իրեն, ապագան ցոյց պիտի տայ, որ յաւելեալ ինչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել արդիւնաւէտ լուծման համար։

Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման հարցին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վտանգները։ Արդարեւ, տարածքաշրջանէ ներս անկայունութեան ամէն տեսակ դրսեւորում բացասաբար կ՚ազդէ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս կայունութեան վրայ։

Վարչապետ ընտրուլէ օր մը առաջ ալ ան ռուսական «Իզվեսթիա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր հետեւեալը. «Ղարաբաղի ապագան ազատ կեանքն է»։

Խորհրդարանի ժողովին ժամանակ Սարգսեան յայտնեց, որ իրատես կը համարէ Հայաստանի 4 միլիոն քաղաքացի ունենալը։

Միւս կողմէ, Սերժ Սարգսեանի վարչապետ դառնալուն դէմ բողոքի ցոյցեր ու երթեր տեղի կ՚ունենան Երեւանի մէջ՝ ընդդիմադիր երեսփոխան Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ։ Երէկ երեկոյեան ալ, մեծ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2018