ՈՉ ԵՒՍ Է ԵԸԼՏԸԶ ՔԵՆԹԷՐ

Երէկ երեկոյեան ժամերուն Թուրքիոյ մէջ մեծ ցաւ ստեղծեց յայտնի արուեստագիտուհի Եըլտըզ Քենթէրի մահուան լուրը։ Բօթը տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ։ Հեղինակաւոր դերասանուհին 91 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ՝ թոքերու անհանգստութեան հետեւանքով։ Ան արդէն շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը տառապէր այս անհանգստութենէն։

Եըլտըզ Քենթէր 1928 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ՝ որպէս դուստրը անգլիացի մօր մը եւ թուրք հօր մը։ Տասնամեակներ շարունակ ան թատերական բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալած էր, անշուշտ, շարժանկարի ոլորտին հետ ալ առընչուելով։ Քանիցս ընտրուած էր լաւագոյն դերասանուհի՝ նուաճելով թէ՛ պետական եւ թէ միջազգային դափնիներ։ Արտասահմանի մէջ ալ երկար տասնամեակներ աշխատանք տարած էր՝ խաղեր բեմադրելէ սկսեալ, մինչեւ դերասաններ հասցնելը։ Արդարեւ, փրոֆեսէօրի կոչում նուաճած էր Եըլտըզ Քենթէր, որ 37 տարիէ ի վեր կը հասցնէր դերասաններ։ Իր եղբայրը՝ Միւշֆիք Քենթէր նոյնպէս յայտնի դերասան մըն էր։

Բովանդակ Թուրքիա իսկապէս կը սգայ Եըլտըզ Քենթէրի կորուստը եւ անոր համար կը կազմակերպուի հրաժեշտի փառաշուք հանդիսութիւն մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019