ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Տոհա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ այցելեց Քաթարի հիմնադրամի կեդրոնը։ Հարկ է նշել, որ այս հիմնադրամը կրթութեան, գիտութեան, տեղական զարգացման ոլորտներու մէջ կ՚իրականացնէ նշանակալի ծրագրեր։ 1995 թուականէն ի վեր կը գործէ Քաթարի հիմնադրամը, որ կարեւոր ներգրաւուածութիւն ունի միջազգային նախագծերու մէջ։ Հիմնադրամի նախագահն է Քաթարի էմիրի կողակիցը՝ շէյխուհի Մոզա պին Նասէր էլ Միսնէտ, որ երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Արմէն Սարգսեանը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլին ներկայացուց Քաթարի հիմնադրամի գործունէութեան առանցքային ուղղութիւններն ու կառուցուածքը։ Ան շեշտեց, որ հիմնադրամը որդեգրած է՝ մարդկային ներուժը բացայայտելու միջոցաւ գիտահեն տնտեսութեան վերածուելու նպատակը։

Հիմնադրամի կեդրոնէն ներս շրջայց մը կատարելէ վերջ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ մեծ են Հայաստանի հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները, որովհետեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւնները կը համընկնին։ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ կը ձգտի Հայաստանը տեսնել կրթական, գիտական, նորարարական հանգոյց մը, երկրէն ներս ունենալ նորարարութեան վրայ հիմնուած կրթական համակարգ մը, որովհետեւ 21-րդ դարը արագ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մըն է եւ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է կարողանալ արագօրէն յարմարիլ նոր իրողութիւններուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019