ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ ՑՈՒՑԱԿԸ ԵՐԷԿ ԻՍԿ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի՝ միշտ զուգորդուած բանավէճի մը մթնոլորտով։ Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ գլխաւորուած Մանիշակագոյն շարժումը երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը՝ լուրջ քննադատութիւններ հասցէագրելով ընտրական համակարգին։ Նոյնպէս երէկ, այդ յայտարարութեան պատասխանեց՝ պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ գլխաւորուած Նարնջագոյն ցուցակը։ Այս վերջնոյն յայտարարութեան մէջ ընդվզում յայտնուած է, որ Նախաձեռնարկ մարմինը, տեղապահ սրբազան հայրն ու տեղական ընտրական մարմինները, ինչպէս նաեւ ընտրական գործընթացին մէջ բոլոր ընդգրկուածները կ՚առնուին ճնշումի տակ։ Նարնջագոյն ցուցակը այդ յայտարարութիւնը որակած է «արհեստավարժ ապատեղեկատուութիւն մը»։ Պատասխանին մէջ նշուած է, որ մասնակցութիւն պիտի չբերուի այդ ոճին, բեւեռացումին եւ համայնքէ ներս քաոսային մթնոլորտի մը ստեղծուելուն։

Միւս կողմէ, երէկ Նախաձեռնարկ մարմինն ալ նախընտրական համակարգին վերաբերեալ տեղեկութիւններ ուղարկեց տեղական վաքըֆներու ղեկավարութեանց՝ «ի պէտս զարգացելոց»։

Նախաձեռնարկ մարմնի այս գրութեան մէջ յիշեցուած է, որ ընտրողներու ցուցակները ներկայիս հրապարակուած են մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Անոնց վերաբերեալ բոլոր առարկութիւնները, քննութիւնները պէտք է փութով տեղեկացուին Նախաձեռնարկ մարմնին, որպէսզի ստանան վերջնական ձեւ մը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019