ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին վրայ սկսած են 2018 թուականի պեղումները:

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտութեան խումբի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Նժդեհ Երանեան նշած է, որ այս տարուան Նոր Կարմիրաւանի պեղումները 2016 թուականի հետախուզական պեղումներու շարունակութիւնն են: «Այս կոթողները յայտնաբերուած են 2016 թուականին, որմէ ետք տեղւոյն վրայ սկսած են հետախուզական պեղումներ, պարզելու համար, թէ արդեօք կոթողները կը գտնուի՞ն իրենց կանգնեցման նախնական վայրը, թէ՞ ոչ», ըսած է ան:

Նժդեհ Երանեանի խօսքով՝ մարդակերպ կոթողներու գիտական հետազօտութիւնը Արցախի Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի ուսումնասիրութեան մաս կը կազմէ: Արցախի մէջ ներկայիս յայտնի են շուրջ երեք տասնեակ նմանատիպ մարդակերպ կոթողներ: Վերջինները, սակայն, կը գտնուին տեղաշարժած վիճակի մէջ: «Նոր Կարմիրաւանի մարդակերպ կոթողներուն հետազօտութիւնը, անոնց հնագիտական միջավայրի վաւերացումը կը պատասխանեն այս կոթողներու վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու: Կոթողներուն ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է ինչպէս Արցախի եւ Ուտիքի, այնպէս ալ Կովկասի եւ ամբողջ Առաջաւոր Ասիոյ՝ Ն.Ք. առաջին հազարամեակի պատմութեան եւ մշակոյթին համար: Հետեւաբար, անոնց ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը Արցախի վրայ կը գրաւէ տարածքաշրջանով հետաքրքրուող այլ մասնագէտներու եւ լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը եւս», աւելցուցած է Նժդեհ Երանեան:

Նոր Կարմիրաւանի մէջ պեղումները պիտի շարունակուին մինչեւ Ապրիլի վերջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018