ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

Երեւանէն երէկ հասան յեղափոխութեան վերաբերեալ լուրեր։ Սա Հայաստանի Հանրապետութեան բախտորոշ խաչմերուկներէն մին է։ Հարթ եւ անցնցում իշխանափոխութեան փուլը վերջնականօրէն հասունցած է երկրին մէջ եւ հիմա բոլոր քաղաքական ուժերը կը ջանան ապահովել՝ որպէսզի ամէն ինչ ընթանայ նախատեսուած հունի մէջ, իրադարձութիւնները չդառնան անկառավարելի եւ այս գործընթացը ի կատար ածուի։

Ոչ միայն արդի Հանրապետութեան, այլ՝ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան տեսակէտէ բեկումնային պահ մը վրայ հասաւ երէկ, երբ Հայաստանի մէջ ծնունդ առած համաժողովրդական ալիքը նպատակին հասաւ՝ առանց նոյնիսկ մէկ անձի քիթի արիւնելուն։ Ժողովուրդի աննախընթաց ճնշումէն ու բողոքներէն վերջ 11 օր համբերած ըլլալով Սերժ Սարգսեան հրաժարեցաւ վարչապետի պաշտօնէն։ Վերջին տասն տարիներուն ան երկրին ղեկը ստանձնած էր եւ աւելի առաջ ալ, նորագոյն անկախութեան սկիզբէն ի վեր առանցքային դերակատարութիւն ունեցած էր պետական աւագանիի մէջ։ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը բնորոշեց յեղափոխութիւն մը, որ եղաւ իսկապէս ու բարեբախտաբար թաւշեայ։

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման համակարգի փոփոխութեան փուլին զուգադիպեցաւ այս անկիւնադարձային իրադարձութիւնը։ Արդարեւ, վերջին Սահմանադրական փոփոխութիւնով երկրէն ներս հաստատուեցաւ խորհրդարանական կառավարման համակարգ՝ փոխարինելով կիսանախագահականը։ Այս ամբողջի մղիչ ուժն էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր Սերժ Սարգսեան։ Պետական կառավարման համակարգը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, սակայն Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ իր համախոհական գործընկեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այնպէս մը նախատեսած էին, որ առանցքային դէմքերը պիտի շարունակէին իրենց գործունէութիւնը։ Պետական կառավարման համակարգի փոփոխութեան զուգահեռ՝ գործադիր իշխանութեան գլուխը պիտի գտնուէր ոչ թէ նախագահը, այլ վարչապետը։ Ուստի, խորհրդարանի մեծամասնութիւնը վարչապետ ընտրեց Սերժ Սարգսեանը եւ ան արդէն գործնականօրէն պիտի շարունակէր երկիրը ղեկավարել։ Նոյնիսկ, նախագահական ապարանքը փոխուած էր վարչապետարանի։

Այս բոլորը, մանաւանդ Սերժ Սարգսեանի որպէս գործնական առաջին դէմք՝ երկրի ղեկը իր ձեռքը պահելու տրամադրութիւնը այդքան ալ հաշտ աչքով չընկալուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։ Այդ կէտէն սկսեալ ծագեցաւ հասարակական շարժում մը։ Ընդդիմադիր երեսփոխան Նիկոլ Փաշինեան վարպետօրէն արժեւորեց այդ պահը, յաջողեցաւ բռնել ժողովուրդին զարկերակը եւ այդ հիման վրայ տասն օրուան ընթացքին աննկարագրելի շարժում մը յառաջացաւ Հայաստանի մէջ։ Սա է յեղափոխութեան կամ իշխանափոխութեան ամփոփ պատմութիւնը։ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին զուգահեռ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց նաեւ կառավարութեան հրաժարականը։ Մինչեւ նոր նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումը՝ այժմու նախարարները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը։ Կառավարութիւնը կը գլխաւորէ Կարէն Կարապետեան՝ վարչապետի պաշտօնակատարի հանգամանքով։

Երէկուան իրադարձութիւնները Հայաստանի մէջ ժողովուրդին մօտ ստեղծեցին խանդավառութեան ալիք մը։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրահաւաք մը, որուն մասնակցեցաւ ծովածաւալ բազմութիւն։ Ելոյթ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեան, որ քանի մը ժամ առաջ դուրս եկած էր բանտէն եւ ունեցաւ ելոյթ մը։ Տօնախմբութեան վերածուած հանրահաւաքի աւարտին կատարուեցաւ հրավառութիւն։

Այսօր՝ 24 Ապրիլին Հայաստանի մէջ միօրեայ դադար մը առած է ներքին պայքարը՝ ոգեկոչման արարողութիւնները խնայելու համար քաղաքականացման վտանգէ։ Վաղուընէ սկսեալ նոր շրջանին շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսին Նիկոլ Փաշինեանի եւ Կարէն Կարապետեանի միջեւ։ Այս վերջինները պիտի փորձեն յառաջիկայ նոր շրջանի ճանապարհին ենթագետին ստեղծել, ինչ որ ծանրագոյն պատասխանատուութիւն կը համարուի իրենց տեսակէտէ։ Այժմու պայմաններով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները չեն բացառուիր Հայաստանի պարագային, ինչ որ առաջին իսկ օրէն եղած էր Նիկոլ Փաշինեանի հիմնական պահանջներէն մին։

Երբ Հայաստանի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ներքին քաղաքական այս բեկումնային իրադարձութիւններուն վրայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները վերջին օրերուն իրերայաջորդ տեսանիւթերով հանրային կարծիքը տեղեակ պահեցին, որ Ատրպէյճան շփման գծին վրայ կը կատարէ զօրքերու լուրջ կուտակումներ։

ԳԱԳԱԹՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր գագաթնային խորհրդակցութիւն մը։ Մասնակիցներն էին՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարգին Բ. Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան, վարչապետ Սերժ Սարգսեան, առաջին փոխ-վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան։ Այս ժողովէն անմիջապէս վերջ Կարէն Կարապետեան մեկնեցաւ ընդդիմադիր ալիքը գլխաւորած Նիկոլ Փաշինեանի մօտ։ Ազատ արձակուեցան թէ՛ Փաշինեանը եւ թէ վերջին օրերուն ձերբակալուած ընդդիմադիր այլ երեսփոխաններ եւ գործիչներ։ Այս բոլորէն վերջ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ հրաժարականի մասին։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԸ

Սիրելի հայրենակիցներ,

Կը դիմեմ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր քաղաքացիներուն, մեծերուն ու իմ սիրելի երիտասարդներուն, կանանց ու տղամարդկանց,

Կը դիմեմ փողոցներու մէջ «Մերժէ Սերժը» կոչով օր ու գիշեր կանգնողներուն եւ փակ փողոցներով այս օրերուն դժուարութեամբ աշխատավայր հասնող եւ իրենց պարտքը անտրտում իրականացնողներուն,

Կը դիմեմ ուղիղ եթերի առջեւ օրերով գամուածներուն եւ օր ու գիշեր հասարակական անվտանգութիւնը տղամարդու պէս ապահովողներուն,

Կը դիմեմ սահմանին կանգնած մեր քաջարի զինուորներուն ու սպաներուն, կը դիմեմ իմ զինակից ընկերներուն,

Կը դիմեմ իմ կուսակից ընկերներուն, քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ գործիչներուն։

Որպէս երկրի ղեկավար կը դիմեմ վերջին անգամ։

Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր։ Ես սխալեցայ։ Ստեղծուած իրավիճակը ունի քանի մը լուծում, բայց անոնմէ ոչ մէկուն ես չեմ երթար։ Սա իմը չէ։ Ես կը թողեմ երկրի ղեկավարի՝ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը։

Փողոցի շարժումը իմ պաշտօնավարութեան դէմ է։ Ես կը կատարեմ ձեր պահանջը։

Խաղաղութիւն, ներդաշնակութիւն եւ տրամաբանութիւն մեր երկրին։

Շնորհակալ եմ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Կը հաղորդուի, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է այս զրոյցը։ Կարապետեան եւ Մետվետեւ անդրադարձան Հայաստանի իրադարձութիւններուն։ Մետվետեւ աջակցութիւն յայտնեց բարեկամ հայ ժողովուրդին եւ ընդ-գըծեց սահմանադրական իրաւական դաշտի մէջ իրավիճակի պահպանման կարեւորութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէն ներս համարկման համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ամերիկեան կողմը պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Սերժ Սարգսեանի երկար տարիներու ծառայութեան եւ ԱՄՆ-Հայաստան ամուր գործունէութեան մէջ ունեցած ներդրման համար։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ իր իրաւայաջորդը պիտի անուանուի թափանցիկութեան ոգիով իրականացուող ժողովրդավարական գործընթացի արդիւնքով Հայաստանի օրէնքներուն եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։ Մենք կ՚ակնկալենք սերտօրէն համագործակցիլ նոր կառավարութեան հետ», նշուած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ։

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսն ալ ողջունեց Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններու խաղաղ բնոյթը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018