Թորոնթոյի մէջ ողբերգական դէպք

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ողբերգական դէպք մը։ Տեղական ժամով շուրջ 13.30-ին քաղաքի կեդրոնի բանուկ պողոտաներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցաւ այս սահմռկեցուցիչ դէպքը։ Վարձու սպիտակ մինիպիւս մը, Եոնկ պողոտային վրայ դիտումնաւոր ձեւով ելաւ մայթ եւ շուրջ 2 քիլօմեթր հետիոտններուն մէջ քշեց արագ թափով։ Վարորդը փորձեց խոյս տալ դէպքի վայրէն, սակայն քանի մը փողոց անդին ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ։ Թորոնթոյի իրաւապահ մարմինները դէպքէն անմիջապէս վերջ շրջանը հռչակեցին անվտանգութեան գօտի։ Խնդրոյ առարկայ մինիպիւսէն ներս կատարուեցան խուզարկումներ՝ ռումբի որոնման համար։ Ականատեսի մը վկայութեամբ՝ դէպքի զոհերու մեծամասնութիւնը տարեցներ էին։ Ան տեսած է նաեւ նորածինի մը սայլակը։

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ յանցագործը 25-ամեայ Ալեք Մինասեանն է։ Դժբախտաբար, ըստ երեւոյթին, հայու մը կողմէ կատարուած է այս յանցագործութիւնը։ Ան պատճառ դարձած է 10 հոգիի մահուան եւ 15 հոգիի վիրաւորման։ Ալեք Մինասեան ոստիկաններէն յամառօրէն խնդրած է, որպէսզի սպաննեն զինքը։

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ տեղակացուց, որ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018