ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇԷՆՔԻՆ ԱՌՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Երեւանէն այս առաւօտ հասած դրուագները դարձեալ խորապէս մտահոգիչ պատկեր մը կը ցոլացնեն։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին բերումով երկիրը կը մնայ քաղաքական տագնապի ճիրաններուն մէջ։ Շաբաթներէ ի վեր օրակարգի վրայ է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականի պահանջը, սակայն իշխանութիւնները կը յամառին պահել իրենց աթոռը, կ՚անտեսեն այդ անհրաժեշտութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ արհեստական ջանքերով կը խորացնեն անորոշութիւնը։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը այս առաւօտ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ընդդիմադիր ցուցարարները այս անգամ փորձեցին կառավարութեան շէնքի բոլոր մուտքերը արգելափակել եւ գործնականօրէն ամբողջութեամբ շրջափակել վարչապետարանը՝ արգիլելու համար Նիկոլ Փաշինեանի մուտքը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ոստիկանութիւնը արդէն լայն միջոցներ ձեռք առած էր կառավարութեան շէնքին շուրջ։ Փողոցներու մուտքերը փակուած էին։ Հակառակ աննպաստ եղանակին, ձիւնին ու ցուրտին, հոծ թիւով ցուցարարներ մասնակցեցան այս առաւօտեայ հերթական բողոքին։ Ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցան բախումներ։ Իրաւապահ մարմինները ձերբակալեցին ցուցարարները, մինչ քաղաքացիական անհնազանդութեան դրսեւորումներն ալ կ՚ընթանային զուգահեռաբար։ Առայժմ յայտնի չէ, որ կացութիւնը այս ընթացքով ո՛ւր պիտի հասնի։

Մինչ այդ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացն ալ պատճառ կը դառնայ իշխանութիւններու նկատմամբ անվստահութեան ա՛լ աւելի խորացման։ Այս առաւօտ հասան նոր տեղեկութիւններ, ըստ որոնց երկրի հարաւի Սիւնիքի մարզէն ներս, Որոտան գիւղէն 12 տուն արդէն պիտի մնայ Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ։ Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ կառավարութեան ժողովին ընթացքին տեղեկացուց, որ Շուռնուխի եւ Որոտանի սահմանային հարցերը պատճառ կրնան դառնալ ցաւոտ իրավիճակներու ստեղծման։ Վարչապետի խօսքով՝ սահմանային կէտերու տեղորոշումը ունի որոշ նրբութիւններ ու բարդութիւններ, սակայն այդ աշխատանքը պէտք է տեղի ունենայ եւ այդ մէկը անհրաժեշտ կը նկատուի Սիւնիքի ու Հայաստանի անվտանգութեան տեսանկիւնէն։ Փաշինեան յայտնեց, որ Սիւնիքի եւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու նոր համակարգ մը կը ձեւաւորուի։ Ան կրկնեց, որ միջազգայնօրէն ընդունուած, ճանչցուած տարածքէն որեւէ զիջում խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ։

Փաշինեանի կողմէ տրուած նման երաշխիքները համոզիչ ըլլալէ հեռու կը մնան՝ մանաւանդ, որ հրադադարի հաստատումէն վերջ Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը գրաւուած էին Ատրպէյճանի կողմէ։ Այդ դէպքէն վերջ վարչապետը պահանջած էր այդ տարածքներուն վերադարձուիլը, որովհետեւ հրադադարի համաձայնութեան ստորագրուած պահուն անոնք գտնուած էին հայկական կողմի վերահսկողութեան ներքեւ։ Բայց եւ այնպէս, իր խօսքերը մնացած էին օդի մէջ։ Ընդդիմադիր շրջանակները ահազանգ կը հնչեցնեն, որ Նիկոլ Փաշինեան կը ջանայ հանրային կարծիքը մոլորեցնել՝ պետական սահմաններու եւ վարչատարածքային ներքին սահմաններու միջեւ շփոթութիւն ստեղծելով։

Միւս կողմէ, ռուսական մամուլէն «Քոմերսանտ» թերթը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ լարուածութեան։ Այսպէս, հեղինակաւոր լրատուամիջոցի դիտարկումով, հողը կը սահի Հայաստանի այժմու իշխանութիւններու ոտքի տակէն եւ ընդդիմութեան հնարաւորութիւններու պատուհանը բաւական լայն է։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2020