«ԵԹԷ ԲԱՑՈՒԻ ՆԱԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆ, ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԾԱՒԱԼՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ եթէ բացուի նաեւ Թուրքիոյ հետ երկաթուղին, ապա տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւնները շատ աւելի մեծ ծաւալներ պիտի ունենան։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս Փաշինեան երէկ տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ՝ նոր նստաշրջանի բացման փուլին։ Այս առթիւ ան Արցախի երկրորդ պատերազմին վերաբերեալ ծաւալուն ամփոփում մը կատարելէ վերջ հերթական անգամ խօսեցաւ տարածքաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալու շուրջ։ Այդ նպատակին հասնելու համար ան կարեւորեց երկխօսութիւնը եւ թշնամական մթնոլորտի քայլ առ քայլ յաղթահարումը։ «Մենք կը գիտակցինք, թէ ճանապարհը դժուար ու երկարատեւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Փաշինեան եւ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չափազանց կարեւոր նկատեց այս առումով, առանձնացնելով տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացումը։ Այս կարեւորագոյն խնդրի լուծման շնորհիւ տարածքաշրջանի երկիրները փոխկապակցուած պիտի ըլլան փոխադրական զարկերակներով։ Տնտեսական կապերու ձեւաւորման համար հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի, ինչ որ խաղաղ զարգացման կարեւոր նախապայմաններէն մին է։ «Եթէ բացուի նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկաթուղին, ապա տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման նիւթը շատ աւելի մեծ ծաւալներ պիտի ստանայ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայաստան պատրաստ է շինիչ երկխօսութեան, որով տարածքաշրջանի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատումը պիտի ապահովուի։

Փաշինեան անհրաժեշտ նկատեց վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Բաց աստի, ան կանգ առաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման ու սահմանազատման հարցին վրայ։ Ըստ իրեն, այս գործընթացը դժուար է պատկերացնել այնպիսի պայմաններուն մէջ, երբ գրեթէ ամէն օր կրակոցներ կը հնչեն սահմանի վրայ եւ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածք։ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն ալ կրկնեց այս խնդիրներու լուծման համար յղացած առաջարկը, միջազգային դիտորդներու տեղակայումով հանդերձ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ տարածքաշրջանի տեսակէտէ կենսական նշանակութեամբ առկայ հարցերը այսօր կը պահանջեն հրատապ լուծում եւ միջազգային հանրութեան սեւեռուն ուշադրութիւնը։ 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021