ՄԻՇՏ ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ նշեց իր ծննդեան տարեդարձը։ Այս առթիւ ան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, որոնք շնորհաւորեցին զինքը։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Ալիեւ զրոյցի ընթացքին վստահութիւն յայտնեցին ապագայ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Անոնք նշեցին բոլոր ոլորտներէ ներս ռազմավարական յարաբերութիւններու վրայ հիմնուած բարեկամական կապերու զարգացման կարեւորութիւնը։

Թրքական մամուլն ալ կը հաղորդէ, որ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Ալիեւ ընդգծած է, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը մնան որպէս մէկ ազգ ու երկու պետութիւն եւ այսպէսով նոր յաղթանակներ կ՚արձանագրեն։

Ալիեւ, որ երէկ 59 տարեկան դարձաւ, այցելեց Քուպաթլու եւ Զանկելան։ Այս երկու քաղաքները Արցախի վերջին պատերազմի հիման վրայ անցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Իլհամ Ալիեւ երէկ քննադատեց ԻՒՆԷՍՔՕ-ն հայոց կողմէ սրբավայրերուն հասցուած վնասները անտեսելու բերումով։ Ինչպէս ծանօթ է, միջազգային հանրութիւնը վերջին շրջանին յստակ պատգամներ կու տայ, որպէսզի Ատրպէյճանի վերահոկողութեան տակ անցած շրջաններէն ներս պահպանուին քրիստոնէական՝ մանաւանդ հայկական սրբավայրերն ու պատմամշակութային յուշարձանները։ ԻՒՆԷՍՔՕ կը ջանայ առաքելութիւն մըն ալ իրականացնել այս ուղղութեամբ։ Նման մթնոլորտի մը մէջ Ալիեւի կողմէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի դէմ կատարուած յայտարարութիւնները, քննադատութիւնները կը ցոլացնեն տրամաբանութիւն մը։ Հաշուի առնելով մասնաւորապէս Նախիջեւանի հայկական պատմական խաչքարերու ոչնչացման օրինակը՝ միջազգային հանրութեան կողմէ ցուցաբերուած զգայնութիւնը կ՚արդարանայ ինքնաբերաբար։ Իսկ Ալիեւ երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ քննադատեց այն մահմետական երկիրները, որոնք բարեկամական յարաբերութիւններ կը մշակեն Երեւանի հետ։

Երբ յետպատերազմեան շրջանին շփումները անբաղդատելիօրէն խտացած են Անգարա-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ, յաճախ տեղի կ՚ունենան նաեւ բարձր մակարդակով հանդիպումներ։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Սոչի, ուր պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Կը նախատեսուի, որ նախարարները մանրամասնօրէն քննարկեն զանազան հարցեր, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքին։ Անոնք կ՚անդրադառնան բախումներու հաւանական նուազեցման, երկիրներուն մարդասիրական օժանդակութիւն ցոյց տալու։ Օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուելիք Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ դիտարկման կեդրոնի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով կը շօշափեն նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ կարծիքներ կը փոխանակեն միջազգային օրակարգի այլ շարք մը հարցերու շուրջ։

Տարածքաշրջանի բանուկ դիւանագիտական երթեւեկի պայմաններուն ներքեւ Թեհրանն ալ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն։ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի աւարտը տնտեսական օգուտ պիտի ապահովէ իր երկրին։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տարաձայնութիւններու կարգաւորումը տնտեսական բարենպաստ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Իրանի բնակիչներուն վրայ։ Իրանի կառավարութեան ժողովին ընթացքին Ռուհանի յայտնեց, որ տարաձայնութիւններու կարգաւորումը օգտակար կ՚ըլլայ որոշ տնտեսական գործողութիւններու իրականացման տեսանկիւնէն։ Ըստ իրեն, առաջին հերթին արդէն ստորագրուած է Խուտաֆերինի ջրամբարին վերաբերեալ համաձայնագիր մը, որու շնորհիւ Իրան պիտի կարողանայ ելեկտրական ուժանիւթ եւ ջուր ստանալ։ Ըստ Ռուհանիի, Ատրպէյճանի հետ ստորագրուած այս համաձայնագրին շնորհիւ այդ ջրամբարին միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ 120 հազար հեքթար տարածք ոռոգել։

Բաց աստի, Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Վալերի Կերասիմով երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մոսկուայի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու հետ, որոնց նկատառման յանձնեց, թէ ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն հաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքէն ներս։ Կերասիմով նշեց, որ անոնց գործողութիւնները կանխած են մարդասիրական աղէտը։ «Այսօր Լաչինի միջանցքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը ամբողջովին կը վերահսկուին ռուս խաղաղապահներու ստորաբաժանումներուն կողմէ», յայտնեց Կերասիմով՝ առանց անդրադառնալու հրադադարի խախտման այն դէպքին, որու հետեւանքով Հադրութի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ գիւղերը Ատրպէյճանի բանակի վերահսկողութեան տակ անցան։ 

Միւս կողմէ, այս համայնապատկերին վրայ կը ցոլանան նաեւ Թուրքիա-Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր հաղորդումներ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճան վայելեց թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Իսրայէլի անմիջական զօրակցութիւնը։ Սա պատեհեցաւ այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ բարդ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւուին։ Իսրայէլէն զանազան աղբիւրներ վերջին օրերուն կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճան ներկայիս շարժման կ՚անցնի իր նպաստը բերելու համար այդ կացութեան կարգաւորման։ Այսպէս, Ատրպէյճան կը ջանայ ձեւով մը միջնորդ հանդիսանալ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, որպէսզի անոնց յարաբերութիւնները դուրս գան առկայ լարուած վիճակէն։ Անգարայէն ալ վերջին օրերուն բարձր մակարդակի վրայ հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնցմով ձեւով մը կանաչ լոյս վառուեցաւ այդպիսի հաւանականութեան մը համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 25, 2020