ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆՈՒԱԾ՝ ՄԻՔԵԼԱՆՃԵԼՈՅԻ ՍԵՓԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ

Ի­տա­լիոյ Սիե­նա քա­ղա­քէն ոչ շատ հե­ռու վա­ճառ­քի հա­նուած է Վե­րած­նուն­դի դա­րաշր­ջա­նի մե­ծա­գոյն վար­պետ­նե­րէն մէ­կուն՝ քան­դա­կա­գործ եւ նկա­րիչ Մի­քե­լան­ճե­լօ Պուո­նար­րո­թիի, պատ­կա­նած  սե­փա­կան տու­նը:

Հան­ճա­րեղ ա­րուես­տա­գէ­տը ութ ննջա­սե­նեակ ու­նե­ցող տու­նը ձեռք բե­րած է1549 թուա­կա­նին, եւ մին­չեւ 1867 թուա­կա­նը ան­շարժ գոյ­քը պատ­կա­նած է Պուո­նար­րո­թի­նե­րու տոհ­մին: Խա­ղո­ղի որ­թա­տուն­կե­րով շրջա­պա­տուած տու­նը, ուր­կէ անն­կա­րագ­րե­լի գե­ղե­ցիկ տե­սա­րան­ներ կը բա­ցուին դէ­պի Թոս­քա­նա­յի լեռ­նե­րը, կա­րե­լի է գնել 7.5 մի­լիոն եւ­րո­յով:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ 11-րդ դա­րուն կա­ռու­ցուած տու­նը իր գո­յու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած է ըն­դա­մէ­նը ե­րեք սե­փա­կա­նա­տէր, որ­մէ մէ­կը Մի­քե­լան­ճե­լոն է­ր։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2016