ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Ֆրանսա եւ Զուիցերիա։ Աւելի քան տասնօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ան եղաւ Մարսէյլի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի եւ Կրընոպլի մէջ։ Ֆրանսայի հայաբնակ այդ քաղաքներէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան ընդունուեցաւ քաղաքապետներուն կողմէ։ Հայաստանի հիւպատոսարաններու ներկայացուցիչներուն առընթեր ուղեւորութեան ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեանին ընկերացաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Ֆրանսայի հայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան։ Իր գտնուած վայրերէն ներս Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս այցելեց հայկական վարժարանները։

Նախարարին ուղեւորութեան ծրագիրը ընդգրկեց նաեւ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքը, ուր եւս ան գտնուեցաւ «Թոփալեան» հայկական դպրոցի երդիքին տակ։

Ի լրումն այս բոլորին, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մարսէյլի մէջ մասնակցեցաւ Ֆրանս-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած յոբելենական տօնակատարութեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ողջունեց մասնակիցները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հայաստանի հետ սերտ կապերու հաստատման համար։ Հրանոյշ Յակոբեան Մարսէյլի հայ գործարարներուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի ներդրումներ կատարեն Հայաստանի մէջ եւ այդպէսով նպաստեն երկրի գործարար միջավայրի զարգացման։ Ան ֆրանսահայ գործարարները Հայաստան հրաւիրեց՝ ծանօթանալու համար Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ընձեռուած հնարաւորութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2017