ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Թրքահայութիւնը կը պատրաստուի պատմական շաբաթավերջի մը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը յառաջիկայ օրերուն մեծահանդէս արարողութիւններով պաշտօնապէս պիտի կոչուի իր առաքելութեան։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը այս շաբաթավերջին պիտի կատարէ իր երդումը, պիտի ստանայ ասան ու գահ պիտի բարձրանայ պաշտօնապէս։ Միեւնոյն ժամանակ ան պիտի մատուցանէ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը, որու ընթացքին պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Սա իսկապէս պատմական հանգրուան մըն է թէ՛ թրքահայութեան, թէ՛ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ ընդհանրապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։

Մեր համայնքը այս հանդիսութիւններուն առթիւ շաբաթավերջին ժամադրուած է Գումգաբուի մէջ։ Ինչպէս արդէն միջոց մը առաջ տեղեկացուած էր Պատրիարքական Աթոռի աղբիւրներուն կողմէ, գահակալութեան արարողութեան համար նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին կարգադիր յանձնախումբի մը կողմէ։ Մինչ պատրաստութիւնները թափով կ՚ընթանան, մանրամասնութիւններն ալ կը յստակենան աստիճանաբար։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներուն կողմէ բարձրաստիճան եկեղեցականներ քաղաքս պիտի գան մասնակցելու համար Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի ներկայացնէ երեք սրբազաններէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը։ Ամենայն հաւանականութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը արքութեան պատիւ շնորհէ Նորին Ամենապատ-ւութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երկու սրբազան պիտի մասնակցի արարողութեան՝ փոխանցելու համար Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին շնորհաւորութիւնները։ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կողմէ ալ միաբան մը պիտի մասնակցի գահակալութեան արարողութեան։ Բաց աստի, սփիւռքէն քանի մը թեմակալ առաջնորդ սրբազաններ ալ քաղաքս պիտի փութան շաբաթավերջի հանդիսութիւններուն համար։ Այս բոլոր անունները թէեւ յայտնի են, սակայն Պատրիարքարանի աղբիւրները յարմար չեն դատեր անոնց հրապարակումը անվտանգութեան նկրտումներով։

Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան արարողութեան միջեկեղեցական մասնակցութիւնն ալ պիտի ըլլայ բաւական բարձր մակարդակով։ Վատիկանէն կարտինալ մը Պոլիս պիտի գայ՝ ներկայացնելու համար Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետը։ Իտալիայէն զանազան միաբանութիւններու ներկայացուցիչ վարդապետներ ալ մասնակցութիւն պիտի բերեն արարողութեան։ Ի լրումն այս բոլորին, քաղաքիս բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները պիտի մասնակցին արարողութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ, անշուշտ, առանձնապէս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին ներկայութիւնը։

Միւս կողմէ, կ՚ակնկալուի, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի ստորագրութեամբ՝ պետական շնորհաւորական-հրամանագիրն ալ Պատրիարքարան հասած ըլլայ մինչեւ գահակալութեան արարողութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020